«Պէյրութը Կ՛երգէ» Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօն. Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեաններ Հանդիսատեսներուն Անգամ Մը Եւս Ներկայացուցին Բարձրորակ Արուեստ
Երէկ` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շարքին Քափուչինեան միաբանութեան Ս. Լուիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական խճանկար Գ.» հոգեւոր ելոյթը` կատարողութեամբ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեաններու:
Շուրջ 80 վայրկեաններու ընթացքին Զաքար Քէշիշեան տուտուկով եւ շուիով, իսկ Կամիլա Քէշիշեան դաշնակով եւ երգեհոնով հանդիսատեսներուն ներկայացուցին հոգեւոր, ժողովրդական եւ դասական ստեղծագործութիւններ:
Զաքար Քէշիշեան եւ Կամիլա Քէշիշեան նուագեցին Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Գրիգոր Եղիազարեանի, Գէորգ Մանասեանի, Ռոպերթ Պետրոսեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Գրիգոր Հախինեանի, Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի, Երուանդ Երկանեանի եւ Ստեփան Շաքարեանի ստեղծագործութիւնները: Անոնք մենանուագներով եւ զուգանուագներով արժանացան մեծաթիւ հայ թէ օտար հանդիսատեսներու գնահատանքին:
Անոնք «Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնին ճամբով հայ հասարակութեան մօտ վերակենդանացուցին երաժշտութիւնները, մինչ օտարներուն համար այս ելոյթը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ ծանօթացնելու հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներն ու ժառանգութիւնը:
Երեք մասերէ բաղկացած դէպի յաղթանակ առաջնորդող երաժշտութեան կատարումէ ետք, իւրայատուկ եւ բարձրորակ հոգեւոր համերգը փակուեցաւ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեաններու` շուիներու միացեալ կատարումով:

