Իրավիճակը Հալէպի Մէջ

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ հաղորդեց, թէ հակառակ ժամանակէ մը ի վեր համեմատաբար հանդարտ նոյն իրավիճակի շարունակութեան, յամենայն դէպս երէկ կէսօրէ ետք 3 հրասանդի հրթիռներ պայթեցան Նոր Գիւղի շրջանին մէջ՝ պատճառ դառնալով 2 վիրաւորներու, որոնք անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց՝ դրուելով բժշկական խնամքի տակ։ Քանի մը բնակարաններու մէջ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։

Share this Article
CATEGORIES