Պաղեստինեան Իշխանութեան Նախագահութիւնը Կը Նշէ. Իսրայէլեան Բնակեցման Նոր Վայրեր Կառուցելու Որոշումը Միջազգային Ընտանիքին Ուղղուած Մարտահրաւէր Է
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտարարեց, որ 1976-ին բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ բնակեցման նոր վայրեր կառուցելու Իսրայէլի որոշումը «ամբողջ միջազգային ընտանիքին ուղղուած լկտի մարտահրաւէր մըն է, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին ու արաբ ազգին զգացումներուն թերագնահատում մըն է»: Ան իսրայէլեան կառավարութիւնը զգուշացուց այդ քայլին դիմելէ:
Ապու Ռուտէյնա ամերիկեան վարչակազմէն, Եւրոպական Միութենէն եւ պաղեստինեւիսրայէլեան հարցով զբաղող քառանդամ յանձնախումբէն պահանջեց անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու, «որպէսզի հարցերը չվատթարանան այնպիսի ձեւով մը, որ այլեւս կարելի չըլլայ զանոնք վերահսկել»:
Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պապ Քար Քանպերայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եուվալ Ռոթիմը կանչեց եւ անոր փոխանցեց բնակեցուածներու համար նոր տուներ շինելու իսրայէլեան որոշումին նկատմամբ Աւստրալիոյ կառավարութեան մտահոգութիւնը:
Քար յայտնեց, որ «այդ արարքները մեծապէս կը խանգարեն երկու կողմերուն միջեւ (պաղեստինեան եւ իսրայէլեան. «Ա.») բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնները»` աւելցնելով, որ «իսրայէլեան այս որոշումներուն նկատմամբ մեծ յուսախաբութիւն կը զգամ»:
Աւստրալիոյ դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց, որ «այսպիսի արարքներ կը սպառնան երկու պետութեան լուծումի իրագործման կարելիութեան, առանց որուն Իսրայէլի մէջ երբեք ապահովութիւն պիտի չըլլայ»:
Մինչ այդ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը վաւերացուցած է իսրայէլացի բնակեցուածներու համար կարմիր գիծէն դուրս 1700 նոր բնակարաններ կառուցելու որոշում մը:
Գալիլիա քաղաքի հարաւային շրջանին մէջ ժողովրդային յանձնախումբերու աշխատանքները համակարգող Ռաթեպ Ժապպուր յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժեր երէկ սկսած են քանդել Գալիլիոյ հարաւը գտնուող Մաֆքարա գիւղին մէջ գտնուող մզկիթը` նշելով, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ նշեալ մզկիթը կը քանդուի: Մզկիթը քանդուած էր շուրջ մէկ տարի առաջ, սակայն գիւղին բնակիչները զայն վերակառուցած էին:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 174 թեր եւ 6 դէմ քուէներով որդեգրած է որոշում մը, որ Իսրայէլի կոչ կ՛ուղղէ` իր հիւլէական կայանները միջազգային հետաքննութեան առջեւ բանալու եւ զօրակցելու Միջին Արեւելքը հիւլէական զէնքերէ զուրկ շրջան յայտարարելու բարձրաստիճան անձնաւորութեանց մասնակցութեամբ միջազգային խորհրդաժողովի մը կայացման: Այդպիսի խորհրդաժողով մը գումարելու ծրագիր մը վերջերս չեղեալ յայտարարուած էր:
Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած որոշումը նաեւ Իսրայէլի կոչ կ՛ուղղէ առանց յաւելեալ ուշացումի անմիջապէս միանալու հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ ուխտին եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետաքննիչներուն արտօնելու իր հիւլէական կայանները այցելելու:

