Թեհրան Ուաշինկթընի Կը Յանձնարարէ Առանց Օդաչուի Թռչող Իր Սարքերը Աւելի Ուշադիր Հաշուելու

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու յանձնարարեց առանց օդաչուի թռչող իր սարքերը աւելի ուշադիր հաշուելու:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հասարակութեան հետ կապերու հարցով ներկայացուցիչ զօր. Ռամատան Շարիֆ «Ալամ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` մեկնաբանելով սարքի կորուստին վերաբերեալ ամերիկեան կողմին հերքումը, յայտարարած է, որ «ուշ կամ կանուխ ամերիկացիները ստիպուած պիտի ըլլան խոստովանելու, թէ անիկա իրենց սարքն է, իսկ այժմ Միացեալ Նահանգներու կը յանձնարարենք աւելի ուշադիր հաշուելու իրենց առանց օդաչուի թռչող սարքերը»:

Ան աւելցուցած է, որ սարքը քանի մը օրէ ի վեր իրանեան տարածքին մէջ տուեալներ կը հաւաքէր:

Յիշեցնենք, որ 4 դեկտեմբերին Իրան յայտնած էր, որ ամերիկեան «ՍքանԻկըլ» տիպի առանց օդաչուի թռչող սարք մը գրաւած է: Ամերիկեան ծովուժը հերքած էր սարքը կորսնցնելու մասին լուրը` յայտարարելով, որ այսպիսի սարքերը բոլորն ալ խիստ հաշուառման տակ են, ուստի ատոր անհետացումը անմիջապէս կը նկատուէր:

Ըստ վերլուծաբաններու, երկու երկիրներն ալ կրնան իրաւացի ըլլալ, որովհետեւ Ամերիկա շրջանին մէջ «ՍքանԻկըլ»-ներ ունեցող միակ երկիրը չէ: Նման սարքեր ունի նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բանակը:

Միւս կողմէ, իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իրանցի մասնագէտները կրցած են մուտք գործել ամերիկեան սարքին տեղեկատուութեան գաղտնի կրիչները: «Վզկլիատ» կը գրէ, որ Իրան նաեւ զգուշացուցած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի հրապարակէ ձեռք ձգած իր տուեալները:

 

Share this Article
CATEGORIES