Ամերիկացի Դիւանագէտներ Իրանի Հետ Թուրքիոյ «Կազ Ոսկիի Դիմաց» Գործակցութեան Հարցով Անգարա Կ՛Այցելեն Էրտողան. «Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն, Պիտի Շարունակենք Իրանէն Կազ Գնել»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի դիւանագէտներ կը գտնուին Անգարա, ուր իրանեան բնական կազին դիմաց Թուրքիայէն Իրան ոսկիի հոսքին շուրջ թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ կը վարեն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ «մենք անշուշտ կը շարունակենք Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու տարողութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ սերտօրէն խորհրդակցիլ, ճիշդ ինչպէս կ՛ընենք բոլոր երկիրներուն հետ»: «Անպայման որ հաւանականօրէն պատժելի որեւէ գործառնութիւն պիտի հետապնդենք», ընդգծեց Թոնըր:
Թուրքիա Իրանէն բնական կազի ներածման մեծ կարիք ունի եւ ատոր վճարումները կը կատարէ թրքական լիրայով, իսկ Թեհրան այդ լիրաները կ՛օգտագործէ թրքական ոսկի գնելու համար:
Ոսկիները նախ Տուպայ կը փոխադրուին, ապա կ՛ուղարկուին Իրան: Յստակ չէ, եթէ Ուաշինկթըն կրնայ պատժամիջոցներ հաստատելու իր որոշումը այս պարագային կիրարկել, որովհետեւ իրանեան կազ գնելու համար թրքական դրամանիշն է, որ կ՛օգտագործուի եւ ոչ թէ տոլարը: Թրքական լիրան միջազգային շուկային մէջ ապրանքներ գնելու համար որեւէ արժէք չունի, սակայն Թուրքիոյ մէջ ոսկի գնելու իտէալական միջոց մըն է:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնեց, որ իրանեան բնական կազի գնումը ամերիկեան պատժամիջոցներուն մէջ չէ ներառուած, ինչ որ կը նշանակէ, որ Թեհրան պիտի շարունակէ բնական կազ մատակարարել եւ փոխարէնը իր մեծագոյն յաճախորդէն վճարումներ ստանալ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ ամառ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Ուաշինկթընի կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ հաստատել այն երկիրներուն դէմ, որոնք Իրանի յարգի մետաղներ կը տրամադրեն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վստահեցուց, որ «Թուրքիա պիտի շարունակէ Իրանէն բնական կազ գնել, հակառակ Թեհրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն»: Ան անհաւանական նկատեց, որ այդ մէկը երկու երկիրներուն միջեւ «բնական կազ ոսկիի դիմաց» առեւտուրին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենայ:
Էրտողան շեշտեց, որ «իրանեան կազի եկամուտները շատ կարեւոր են Թուրքիոյ համար, որ ներածուած ուժանիւթէն մեծապէս կախեալ է, որովհետեւ Թուրքիա իր ելեկտրականութեան կարիքներուն մեծամասնութիւնը կ՛արտադրէ օգտագործելով բնական կազը եւ բնական կազի ներածումներուն 90 առ հարիւրը կը կատարէ Իրանէն, իսկ Թիւրքմենիստանէն` 10 առ հարիւրը»:

