Եգիպտոսի Փոխնախագահը Կը Յայտարարէ. «Սահմանադրութեան Նախագիծին Շուրջ Հանրաքուէն Տեղի Պիտի Ունենայ Ճշդուած Թուականին»
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ առաւօտեան վերադարձաւ իր նստավայրը: Կէսօրէ ետք նախագահութիւնը լրագրողները հրաւիրեց Իթթիհատիյա նախագահական պալատ` երկրին մէջ տիրող կացութեան շուրջ տրուելիք մամլոյ ասուլիսի մը համար, որուն ընթացքին Եգիպտոսի փոխնախագահ Մահմուտ Մեքքի յայտարարեց, որ վիճելի սահմանադրական նախագիծին շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ ճշդուած թուականին` հակառակ հետզհետէ աճող բողոքի ցոյցերուն:
Ան ըսաւ, թէ ցոյցերը տագնապի լուծման միջոց չեն, եւ թէ «երկխօսութեան դուռը» բաց է: «Ներկայ հանգրուանէն դուրս գալու եւ հանրութեան պահանջներուն ընդառաջելու քաղաքական իսկական կամք մը գոյութիւն ունի», ըսաւ ան: Եգիպտոսի փոխնախագահը յայտարարեց, որ «ան, որ կը կարծէ, թէ կրնայ օրինականութիւնը պարտութեան մատնել, չի գիտեր, թէ ապագային ի՛նչ կրնայ պատահիլ»: Ան նախատեսեց , որ ստեղծուած կացութիւնը քանի մը ժամէն լուծուի:
Փոխնախագահը քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց` սահմանադրութեան նախագիծին վիճելի կէտերուն շուրջ երկխօսութիւն կատարելու եւ բողոքի ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը պահպանելու:
Սակայն Իսլամ եղբայրներ շարժումը իր համակիրներուն կոչ ուղղեց նախագահական պալատ ուղղուելու: Անոնք բռնի ուժով վտարեցին տեղւոյն վրայ երեքշաբթի գիշերուընէ ի վեր նստացոյց կատարող ընդդիմադիրները, որոնք շրջանէն հեռանալէ ետք աւելի մեծ թիւերով վերադարձան, ինչ որ տեղւոյն վրայ ստեղծեց լարուած մթնոլորտ մը, որ հետագային վերածուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ բախումներու: Հակառակ տիրող վտանգաւոր մթնոլորտին, ոստիկանութիւնը եւ ապահովական ուժերը կը բացակայէին դէպքին վայրէն:

