«Մտահոգ Ենք, Որ Սուրիական Վարչակարգը Յուսահատութեան Հասնի Եւ Քիմիական Զէնքերը Օգտագործէ» Կ՛ըսէ Քլինթըն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» տիպի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման հարցին, նշեց, որ այդ հրթիռները որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենան, որովհետեւ պաշտպանողական կեցուածքի մէջ պիտի ըլլան: Ան ըսաւ, որ «մտահոգ ենք, որ սուրիական վարչակարգը յուսահատութեան հասնի եւ քիմիական զէնքերը օգտագործէ»` նշելով, որ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն հետ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են սուրիական տագնապը լուծելու համար Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ Ռուսիոյ հետ աշխատելու: «Մենք, անշուշտ, կը ցանկանք, որ Ռուսիա միանայ սուրիական խնդիրին վերաբերեալ միջազգային ընտանիքի տեսակէտին: Մենք կը փափաքինք Ռուսիոյ հետ աշխատիլ ժընեւեան հաղորդագրութեան հիման վրայ», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, Ուաշինկթընի մէջ կը շարունակեն Ժընեւի համաձայնութիւնը սուրիական տագնապի լուծման լաւագոյն տարբերակը նկատել:
ՕԹԱՆ-ի ցամաքային ուժերու հրամանատար Պեն Հոտկզ յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ տեղակայելու դաշինքին որոշումը յստակ յայտարարութիւն մըն է, թէ ՕԹԱՆ Սուրիոյ պիտի չարտօնէ Թուրքիոյ գերիշխանութեան սպառնալ»:
Ան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան ըսաւ, որ «Փաթրիոթ» համակարգերը կը գտնուին Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ, եւ նշեալ երկիրներէն մէկը զանոնք պիտի տրամադրէ. նկատի ունենալով, որ այդ համակարգերը մեծ են, անոնք նաւով Թուրքիա պիտի փոխադրուին, ինչ որ քանի մը շաբաթ կը պահանջէ:
Հոտկզ ըսաւ, որ պիտի չկարենայ համակարգերուն Թուրքիա հասնելուն թուական մը ճշդել, սակայն անոնք «շատերուն ակնկալածէն աւելի շուտ պիտի հասնին»:
Միւս կողմէ, «Ֆորպզ»` յղում կատարելով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն Պոլսոյ հանդիպումին ընթացքին որոշուած է, որ Մոսկուա փորձէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը համոզել հեռանալ իշխանութենէն: Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Ռուսիա որոշած է փոխել Սուրիոյ աջակցելու հարցին մէջ իր դիրքորոշումը: Ան նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս կը տեսնէ, որ Ասատ չ՛ուզեր իր կամքով հեռանալ, եւ Ռուսիա այսուհետեւ պիտի փորձէ այդ հարցին մէջ զինք համոզել:
Թուրք դիւանագէտը ընդգծած է, որ Ռուսիա Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր կեցուածքը ակնյայտ կերպով կը մեղմացնէ:
«Մոսքօ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Ամերիկեան եւ քանատական ուսումնասիրութեան հիմնարկին մէջ միջինարեւելեան հարցերու մասնագէտ Ալեքսանտր Շումիլին յայտնած է, որ Փութին ամենայն հաւանականութեամբ Պոլիս մեկնած է լուրջ առաջարկով մը` Ասատը Ռուսիա փոխադրելու` Թուրքիոյ կողմէ «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման ծրագիրի մերժումին դիմաց: Ան նշած է, որ Ասատի Մոսկուա ապաստանելուն շուրջ «յարատեւ» տարաձայնութիւններ գոյութիւն ունին: «Ասիկա այն պարագաներէն է, երբ տարաձայնութիւնները ուժեղ հիմնաւորում մը ունին»:
«Թայմզ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց դաշնակիցները պատրաստ են սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումէն քանի մը օր ետք Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին նշեց, որ «Իսրայէլ կրնայ մասնակցիլ Սուրիոյ դէմ հաւանական գործողութեան մը, եթէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը քիմիական զէնքեր օգտագործէ»: Օրաթերթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա պատրաստած են Սուրիոյ դէմ Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի մասնակցութեամբ ցամաքային յարձակումի ծրագիր մը, ըստ որուն, շուրջ 75 հազար հետեւակներ եւ մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ քիմիական զէնքերու կեդրոնները կ՛առնեն իրենց վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը կը հաստատուի, որպէսզի սուրիական պատերազմական օդանաւերուն արգիլուի թիրախներ հարուածել քիմիական մարտագլխիկներով զինուած հրթիռներով:
Սակայն Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը երէկ վստահեցուց, որ Յորդանան Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութեան մասնակից պիտի չըլլայ, որովհետեւ «այդ մէկը մեր սկզբունքներուն եւ ազգային բարձրագոյն շահերուն կը հակասէ»` զգուշացնելով, որ Սուրիոյ տագնապին «քաղաքական լուծում մը գտնելու ձախողութիւնը եւ ուշացումը գետնին վրայ յաւելեալ բարդացումներու կրնան առաջնորդել եւ կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը նախագահ Պարաք Օպամայի խորհուրդ տուած է Սուրիոյ տագնապին զինուորական միջամտութեան եւ այդ երկրին վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման կարելիութիւնը քննարկելու:
Նախապէս ամերիկեան վարչակարգը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման պիտի չաջակցի եւ մտադիր չէ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու:
Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ամրօ Ռուշտի երէկ յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատունը Դամասկոսի եւ Պէյրութի միջեւ ցամաքային կամուրջ մը կը հաստատէ` Սուրիայէն հեռանալ փափաքող եգիպտացիներուն մնացեալ 60-ը Պէյրութի օդակայանին ճամբով Եգիպտոս փոխադրելու համար:

