Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Արեւելքի եւ Անտիոքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները հաւանութիւն յայտնած են Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներուն դիակները լիբանանեան պետութեան յանձնելու պահանջին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պահանջը, որ կը վերաբերի բջիջային հեռաձայնի կարճ նամակներուն եւ համացանցի ծառայութեան գաղտնաբառերուն, պիտի մերժուի: Ան շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մեղսակցութիւնը` Սուրիոյ տագնապին, արդէն իսկ հաստատուած է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը 200 լ. ոսկիով սղած է, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 100 լ. ոսկիով:

«ՊԱԱՍ» օրաթերթին համաձայն, Թալքալախի մէջ սուրիական բանակին լարած թակարդը փաստած է, որ լիբանանցիները ուղղակի մեղսակից են եւ մաս կը կազմեն Սուրիոյ բանակին դէմ բացուած ճակատներուն:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ներքին ապահովութեան ուժերու սպայ մը Սայտայի մօտակայ հովիտներէն մէկուն մէջ զինուորական մարզումի կ՛ենթարկէ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներու խմբակ մը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, այդ սպան ծանօթ է իր «ասիրական» հակումներով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւնն է, որ լիբանանցի երիտասարդները առաջնորդած է դէպի Թալքալախի թակարդը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն միայն երեսփոխան Օքապ Սաքըրը դատավարութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ Սաքըրէն առաջ դատավարութեան պէտք է ենթարկել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը կ՛ուշանայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յամառութեան պատճառով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պէյրութի մէջ գործող դիւանագիտական օտար շրջանակներէն, նշեց, որ անոնք մտավախութիւն յայտնած են, թէ լիբանանցիներ մեղսակից կը դառնան Սուրիոյ պատերազմին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց Լիբանանի մէջ քաղաքական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին վերջ տալու լարուածութիւնը սրող բառամթերքին եւ ցեխարձակումներուն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յանձնառու կը մնայ Վատիկանի ճշդած սկզբունքները գործադրելու իր պատասխանատուութեան:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան չենթարկել չի նշանակեր երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES