Զօր. Աուն. «Կառավարութիւնը Պիտի Չհրաժարի»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Թալքալախի մէջ լարուած թակարդին զոհ գացած լիբանանցիներուն հարցը նորութիւն մը չէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով ցարդ 43 լիբանանցիներ զոհուած են:
Զօր. Աուն ըսաւ, որ զինեալներուն փոխադրութեան ճամբան յստակ է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին գծով լիբանանցիներէն ոմանք եւ անոնց ղեկավարները չէզոք կեցուածք չեն որդեգրած, այլ` մեղսակից են:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներքին քաղաքական բառամթերքը կը քաջալերէ, որ զինեալները Սուրիա ուղղուին:
Լիբանանեան քաղաքական տագնապին անդրադառնալով` զօր. Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է այդ տագնապէն դուրս գալ ժողովրդավարութեամբ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի: Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը շատ անգամներ կը մերժէ պատասխանել իր դէմ ուղղուած ցեխարձակումներուն` իր ինքնավստահութեան շնորհիւ:

