Պըրրի Ընդունեց Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Մէկ Պատուիրակութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող ծայրայեղութեան ընդհանուր մթնոլորտին առնչութեամբ:

Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ցեխարձակումներն ու լարուածութիւն սրող յայտարարութիւնները փոխարինել երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ խորհրդակցութեամբ:

Պըրրի կոչ ուղղեց բոլորին, որ այս զգայուն հանգրուանին ըլլան հանդարտ, համբերատար եւ իմաստուն:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Մարուան Համատէ, Էլի Մարունի եւ Ժոզեֆ Մաալուֆ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Համատէ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ ունեցած իրենց հանդիպումը երկարատեւ էր եւ օգտակար: Համատէ աւելցուց, որ պատուիրակութիւնը Պըրրիի ներկայացուցած է իր պատկերացումը եւ այդ մասին լսած Պըրրիի տեսակէտը` աւելցնելով, որ այդ խորհրդակցութեան արդիւնքը մօտիկ ապագային կը յստականայ:

 

Share this Article
CATEGORIES