Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոքի Նախարարները Այցելեցին Մաարապ
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարներ Ղազի Արիտի եւ Ալաէտտին Թըրրօ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Քամալ Մուաուատ, ղեկավար խորհուրդի նախագահ Պահա Պու Քարրում, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր երէկ այցելեցին Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երեսփոխաններ Ժորժ Ատուանի եւ Սթրիտա Ժահժահի, նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Էտի Ապի Լամաայի հետ:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սթրիտա Ժահժահ ողջունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը` նշելով, որ հանդիպումը շատ լաւ ընթացած է եւ աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին յստակօրէն եւ անկեղծութեամբ քննարկուած են շարք մը հարցեր:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը հասկնայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մտահոգութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով ներկայիս Լիբանանին եւ շրջանին դիմագրաւած զգայուն հանգրուանը:
«Քաղաքական հարցերու շուրջ որոշ տարակարծութիւններ ունենալ չի նշանակեր, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Այդ յարաբերութիւնը կայ եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ», յայտնեց Սթրիտա Ժահժահ:
Իր կարգին, նախարար Արիտի ընդգծեց, որ անկասկած որոշ հարցերու շուրջ իրենք տարակարծիք են, ինչ որ բնական երեւոյթ է: Ան մաղթեց, որ այդ երկխօսութիւնը մնայ լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել բոլորին մտահոգութիւնները եւ տարբեր տեսակէտներու միջեւ մերձեցում կատարել:
Արիտի յայտնեց, որ Սամիր Ժահժահ քաղաքական իր կեցուածքներով որոշ իւրայատկութիւն մը ունի` աւելցնելով, որ հանդիպումը եղած է հարուստ` քննարկումներով եւ խորհրդակցութիւններով:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարը շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

