Նեպիլ Արապի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի երէկ Գահիրէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Արապի դրուատեց Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը, կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու ազգային երկխօսութեան եւ ընդգծեց չէզոք կեցուածքի քաղաքականութենէն անշեղ մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ պէտք է անպայման կառչած մնալ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքին: Ան նշեց, որ սուրիացիներուն պէտք է քաղաքական, տեղեկատուական, մարդկային եւ բարոյական զօրակցութիւն յայտնել, յատկապէս Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն շնորհուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն առումով:

Share this Article
CATEGORIES