Հռոմի Մէջ Վարչապետ Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Հռոմ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մոնթի վերահաստատեց Լիբանանի միասնականութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան նկատմամբ  Իտալիոյ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ:

Մոնթի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերը յաջողին հանրապետութեան նախագահին երկխօսութեան կոչերուն ընդառաջել` շրջանցելու համար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական տագնապը, ինչպէս նաեւ վերջ տալու համար ընդդիմութեան եւ խորհրդարանին միջեւ սուր երկփեղկումին:

Իտալիոյ վարչապետը հաստատեց, որ Իտալիա երբեք չի մտածեր հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատի անձնակազմին թիւը նուազեցնել:

Մոնթի խստիւ դատապարտեց 19 հոկտեմբերին պատահած պայթումը, որ թիրախ դարձուցած էր հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը` մաղթելով, որ այդ ոճիրը գործող պատասխանատուները իրենց համապատասխան պատիժը ստանան:

Մոնթի հաստատեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին երկու երկիրներուն առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք ամրապնդելու կարեւորութեան:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը անշեղ կը մնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքէն եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն կառչած մնալու այդ քաղաքականութեան:

Վարչապետ Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ իտալացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ զօրակցական կեցուածքին համար:

Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը միջազգային ընտանիքին կարիքը ունի` Լիբանանի մէջ կայունութիւնը հաստատելու թէ երկրին սահմանները պաշտպանելու իր պարտականութիւնները կատարելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES