Նախագահ Սլէյման Խուրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանցի Զոհերուն Դիակները Ստանձնելու Հոլովոյթը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որոնց հետ քննարկեց Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցի զոհերուն դիակները ստանձնելու եւ ձերբակալեալները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնելու հոլովոյթը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման վերահաստատեց կառավարութեան ճշդած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որուն լոյսին տակ Սուրիոյ տագնապին եւ շրջանային զարգացումներուն նկատմամբ Լիբանան չէզոք կեցուածք պիտի ճշդէ:
«Անկախ անկէ, որ Լիբանանէն ոչ մէկ զէնք պէտք է ուղարկուի եւ ոչ մէկ զինեալ պէտք է միջամուխ դառնայ Սուրիոյ տագնապին, մենք բոլորս պէտք է քաղաքական մեր կեցուածքներով քաջալեր հանդիսանանք, որ Սուրիոյ տագնապը երկխօսութեամբ լուծուի», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ: Քննարկուեցան նախարարութեան պատրաստած ձմեռնային զբօսաշրջութեան յատուկ ծրագիրները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց ցամաքային, ծովային եւ օդային միջոցառումները, որոնք որդեգրուած են` հակակշիռի տակ առնելու համար երկրին բոլոր անցքերը:

