Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Զինեալ Բախումները Կը Սաստկանան` Պատճառելով Յաւելեալ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
Թրիփոլիի մէջ սկսած արիւնալի բախումները շարունակուեցան նաեւ երէկ, սակայն աւելի սաստիկ բնոյթով եւ ճակատող երկու շրջաններուն մէջ պատճառեցին զոհեր ու մեծ թիւով վիրաւորներ:
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումները յետմիջօրէին սաստկացան, մինչ լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ դրաւ զինադուլ պարտադրելու:
Գնդացիրներով, ձեռնառումբերով եւ նռնականետերով արձանագրուած այս զինեալ բախումներուն պատճառով, մինչեւ ուշ երեկոյ զոհերուն թիւը հասած էր 8-ի, ինչպէս նաեւ արձանագրուած էր 56 վիրաւոր:
Նշենք սակայն, որ բանակը իր կարգին հակադարձեց կրակող կողմերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժեր ջանքերու դիմեցին` զսպելու համար Թրիփոլիի կացութիւնը:
Երկու շրջաններուն միջեւ արձակազինութեան եւ անոր վտանգներուն կանխարգիլումին նպատակով, լիբանանեան բանակը անցարգել մը զետեղեց Ապու Ալիի հրապարակին վրայ:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր զօրամասերը ճիգ չեն խնայեր Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւն պարտադրելու առումով, ինչպէս նաեւ խստացուցած են իրենց հսկողութիւնը` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը ձերբակալած է 5 կասկածելիներ, որոնց մօտ գտած է ու գրաւած գնդացիրներ եւ զինամթերք:
Բանակը նշեց նաեւ, որ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են երկու զինուորներ, ինչպէս նաեւ վնասուած են բանակին պատկանող զրահապատներ:
Երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ գումարուած հանդիպումին մասնակցեցան Թրիփոլիի եւ Պապ Թըպպանէի հեղինակութիւններ` ի բացակայութիւն Ժապալ Մըհսենի ներկայացուցիչներուն:
Հանդիպումին ընթացքին անոնք կոչ ուղղեցին ճնշում բանեցնելու եւ կասեցնելու զինեալ բախումները` բոլորին կողմէ: Անոնք կոչ ուղղեցին բանակին իր դերակատարութիւնը լիովին կատարելու` պաշտպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաար, որ կը գտնուէր Վիեննա, երէկ ստացած էր մահուան սպառնալիք մը եւ այդ պատճառով փոխադրուած էր Փարիզ, ուր պիտի մնայ ցնոր տնօրինում: Միւֆթի Շաարին սպառնացած էին սպաննել, եթէ ան մտադրէր Պէյրութ վերադառնալ:

