«Սասնայ Ծռեր» Դիւցազնավէպը Ճանչցուած Է Իբրեւ Եունեսքօ-Ի Ոչ Նիւթական Ժառանգութիւն

«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցուցակին մէջ:

Որոշումը ընդունուեցաւ երէկ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխամասային գրասենեակին մէջ` Փարիզ, ուր ընթացաւ ոչ նիւթական մշակոյթի պահպանման նուիրուած միջկառավարական կոմիտէի 7-րդ նիստը: Լուրը հաղորդեց panarmenian.net լրատուական կայքէջը:

Այս առնչութեամբ Հայաստանէն Փարիզ մեկնած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերով ազգային յանձնախումբի առաջին քարտուղար Քրիստինէ Մեհրապեկեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեան:

20 մարտ 2006-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուցած է 17 հոկտեմբեր 2003-ին Փարիզի մէջ ստորագրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը: Վերոնշեալ համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ մասնակից պետութիւնները պէտք է անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդունին անհրաժեշտ իրաւական օրէնքներ:

Share this Article
CATEGORIES