Շփման Գիծի Դիտարկում` Հատրութի Ուղղութեամբ
Երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուց Հատրութի ուղղութեամբ:
Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, դիտարկումը անցաւ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին եւ անոր ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չարձանագրուեցան:
Դիտարկումը երկու կողմերէն կատարեցին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբի ներկայացուցիչները:
ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցեցան արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:
CATEGORIES Հայկական

