Շիֆ Կոչ Կ՛ուղղէ Նուազեցնելու Ազրպէյճանին Տրամադրուող Զինուորական Օգնութիւնը
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի պետական եւ միջազգային գործողութիւններու հարցերով ենթակոմիտէներուն նախագահներուն եւ բարձրաստիճան անդամներուն յղեց նամակ մը` կոչ ուղղելով նուազեցնելու Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական օգնութիւնը:
Այսպիսի կոչի պատճառը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելն ու զայն հերոսացնելն է:
«Ազրպէյճան իրականացուց արդարութեան դէմ ամէնէն սարսափելի ոճիրը` սառնասիրտ ոճրագործը հերոս դարձնելով: Յստակ է, որ այն միջոցները, զորս մենք կը տրամադրէինք Ազրպէյճանին, օգտագործուած են շատ աւելի վատ նպատակներով, քան եթէ այդ միջոցները առհասարակ չօգտագործուէին: Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ հանդուրժեն Հայաստանի կամ Ղարաբաղի նկատմամբ բռնութեան գործողութիւնները, իսկ նախագահ Ալիեւի նմանատիպ գործողութիւնները կը խաթարեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միջազգային ջանքերը», կ՛ըսուի Շիֆի նամակին մէջ:
Ըստ անոր, Ալիեւի կառավարութեան կողմէ Սաֆարովի համար կազմակերպուած ընդունելութիւնը օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ արհամարհանքի դրսեւորում է: Իսկ օրէնքի գերակայութիւնը դէպի Եւրատլանտեան հանրութիւն ձգտող իւրաքանչիւր պետութեան հիմնական սկզբունքն է:
«Ազրպէյճան պէտք է բարձր գին վճարէ իր գործողութիւններուն համար: Պաքու Միացեալ Նահանգներէն տնտեսական օգնութիւն կը ստանայ ոչ թէ անոր համար, որ գումարին կարիքը ունի, այլ անոր համար, որ ան կը հանդիսանայ երկու պետութիւններու մտերմութեան իւրայատուկ վկայութիւն:
Օգնութեան ծաւալները կրճատելով` Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին ցոյց պիտի տան Սաֆարովի գործին նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը եւ պիտի յիշեցնեն Ալիեւին, որ իրենց համար անընդունելի է Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յարձակումի որեւէ դրսեւորում», ընդգծեց Շիֆ:

