Ազգային Ժողովը Ընդունեց 2013-ի Պետական Պիւտճէն. Ընդդիմութիւնը Եւ Բարգաւաճ Հայաստան Դէմ Քուէարկեցին
Ձայներու 71 թեր, 37 դէմ յարաբերակցութեամբ երէկ Ազգային ժողովին մէջ ընդունուեցաւ 2013 թուականի պետական պիւտճէի օրինագիծը:
Մինչեւ քուէարկութիւնը Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան յայտնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան շարք մը պատգամաւորներ գործուղման մեկնած են, սակայն ներկայ բոլոր պատգամաւորները միահամուռ դէմ պիտի քուէարկեն օրէնքի նախագիծին:
Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Հրանդ Բագրատեան ընդգծեց, որ այս տեսքով պիւտճէն նոյնիսկ քուէարկութեան կարելի չէ դնել, եւ անգամ մը եւս յայտնեց, որ պիւտճէի եկամուտները առհասարակ քննարկուած չեն:
Իսկ անկախ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան տեղեկացուց, որ ինք կողմ պիտի քուէարկէ պիւտճէին:
Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւորները կազմակերպուած կերպով լքեցին նիստերու դահլիճը:

