Տապլինի Մէջ Նալբանդեան Պիտի Մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Հանդիպումին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պիտի այցելէ Իրլանտա` 6-7 դեկտեմբերին Տապլինի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ Տապլինի մէջ Նալբանդեան ելոյթ պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին: Նախատեսուած են նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ:

Share this Article
CATEGORIES