50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1962)

Փիւնիկէցիները

Լիբանանի առաջին բնակիչները, ըստ հնագէտ-պատմագէտներու տեսութեանց, սեմական ծագում ունեցող մարդիկ էին` փիւնիկէցիները: Քրիստոսէ 25 դարեր առաջ երեւցած էին այս ափերուն վրայ:

Փիւնիկէցիները առաջնակարգ նաւորդներ եղան: Անոնց շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ երկրէ երկիր երթեւեկութիւնը, ուրիշ ժողովուրդներու հետ շփումը, անոնց հետ առեւտուրը:

Հռոմէացիներէն առաջ փիւնիկէցիները անցան Միջերկրական ծովուն մէկ ափէն դէպի միւսը: Պատմութեան մէջ յիշուած առաջին մարդիկն եղան, որոնք հասան մինչեւ այսօրուան Ճիպրալթարը, մօտեցան Բրիտանական կղզիներուն: Եգիպտոսի փարաւոններուն հետ դաշինք կնքեցին եւ եզերեցին ամբողջ Ափրիկէն, ներթափանցումներով հանդերձ: Նաեւ կարծողներ կան, թէ փիւնիկէցիները շնորհաց շրջանէն դարեր առաջ, հետեւաբար եւ` նախքան Քրիստափոր Քոլոմպոս, գտած են ծայրագոյն արեւմուտքի երկրամասը, այսինքն` այսօրուան Ամերիկան:

Փիւնիկեան գրերը կազմեցին այբբենարան մը, որ, կարելի է անվարան ըսել, հանդիսացաւ մա՛յրը բոլոր այբբենարաններուն:

Իւրաքանչիւր հնչիւնի դիմաց գիր մը գտան` վերջ տալով այսպէս պատկերագրելու եւ սեպաձեւ արձանագրութեանց:

Եռամեծն Մեսրոպ Մաշտոց Լիբանան եկաւ սերտելու համար փիւնիկեան գրերը, ինչպէս կը հաւաստեն բանասէրները:

Լիբանան, ըստ այնմ, հանդիսացաւ արդի քաղաքակրթութեան անկիւնաքարը:

Իրերայաջորդ դարերու մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ եկան, տեսան եւ հաստատուեցան այս ափերուն վրայ:

Արաբները միաձոյլ` նախկին փիւնիկէցիներուն հետ, կազմեցին արդի Լիբանանը:

ՎԵՐԾԱՆԱՂ
«Մասիս»

Գիրքը Եւ Իր Պատմութիւնը

Աշխարհի ամէնէն հին գիրքը «Փրիօէի մագաղաթ»-ն է, որ կը գտնուի Փարիզի Ազգ. մատենադարանին մէջ:

Գրուած է Քրիստոսէ առաջ, 3350 թուականին: Գտնուեցաւ Եգիպտոսի մէջ, գիտունի մը կողմէ, որուն անունը կը կրէ:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ գիրքը մարդակազմութեան ատլաս մըն է, որ կը գտնուի Վիեննայի պետական վարժարաններէն մէկուն մատենադարանին մէջ: Գիրքին բարձրութիւնը մէկ մեթր 90 սանթիմ է, լայնքը` 90 սանթիմ: Տպագրուած է 1823-ին:

– Աշխարհի ամէնէն փոքր գիրքին ծաւալը 10×6 միլլիմեթր է: Տպագրուած է 1897-ին, Փատովայի մէջ եւ ունի 208 էջ: Կը պարունակէ Գալիլէոսի մէկ նամակը` գրուած 1605-ին:

– Աշխարհի ամէնէն սուղ գիրքը Կիւթեմպերկի տպագրած Սուրբ Գիրքն է, զոր Նիւ Եորքի մէջ երեք հարիւր յիսուն հազար տոլարի գնեց գրասէր Օթթօ Վոլպեր: Աւելի վերջ, ամերիկեան կառավարութիւնը հինգ հարիւր հազար տոլար տալով` գիրքը գնեց Ուաշինկթընի Քոնկրեսի գրադարանին համար:

– Աշխարհի ամէնէն ստուար գիրքը Թու-Չու-Չի-Չենկ չինարէն բառարանն է, որ կը բաղկանայ հինգ հազար քսան հատորէ, ամէն մէկը` 170 էջ: Տպագրուած է 17-րդ հարիւրամեակին (1700), այն ատենուած չինացի կայսեր հրամանով:

– Աշխարհի ամէնէն ծանր գիրքը «Իթակէ» կը կոչուի եւ հրատարակուած է դարուս սկիզբը, Հապսպուրկեան իշխանի մը կողմէ: Ծանրութիւնը 48 քիլօ է:

Քաղեց` Ա. Օ.

 

 

Share this Article
CATEGORIES