Արուեստի Աշխարհէն. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին Արձանը Կը Բարեփոխուի

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Արձանը բարեփոխութենէ ետք (ձախին) եւ նախապէս (աջին)

ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐ ԸՍԱԾ ԷԻՆ, ԹԷ ԱՐՁԱՆԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՆՄԱՆԷՐ ԲՌՆԱՏԷՐ ՊԵՆԻԹՕ ՄՈՒՍՈԼԻՆԻԻ, ՔԱՆ` ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ. ՊԱՊԻՆ: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԶԵՏԵՂՈՒԱԾ ԱՐՁԱՆԸ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԱԾ ԷՐ: «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԵՒ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԻՏԱԼԱՑԻՔ ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔԸ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆ, ԵՐԲ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ ԳԵՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ: ԱՅԺՄ ՆՈՅՆԻՍԿ ՊԱՊԸ ՔԱՆԴԱԿԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ ԳՈՀ Է ԱՐԴԻՒՆՔԷՆ…

Հռոմի մէջ վերջերս բացումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին բարեփոխուած մէկ արձանին: Նախորդ տարբերակը բուռն քննադատութեան թիրախ դարձած էր հանրութեան եւ Վատիկանի կողմէ:

Արուեստագէտ Օլիվիերօ Ռայնալտի յայտարարած է, թէ գոհ է վերջնական արդիւնքէն եւ նշած է, թէ անիկա կը համապատասխանէ իր սկզբնական մտապատկերին: Ան աշխատաւորները ամբաստանած է` առաջին տարբերակին ձախող համադրումին համար:

Երբ 2011-ի մայիսին բացումը կատարուեցաւ մարդկային բնական չափէն շատ աւելի մեծ` 5 մ բարձրութեամբ պրոնզէ արձանին, մարդիկ շշմեցան: Անցորդներ զայն քննադատեցին եւ նմանցուցին ֆաշական բռնատէր Պենիթօ Մուսոլինիի եւ ոչ` լեհ պապին: Վատիկանի արուեստի քննադատը` Սանտրօ Պարպակալլօ գրեց, թէ անիկա կը նմանէր գետին ինկած «ռումբի» մը:

Պարպակալլօ «մեղքի» համազօր կը նկատէր այն իրողութիւնը, թէ միայն քիչեր արձանը կը ճանչնային իբրեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը:

Կարգ մը քննադատներ կ՛ըսէին, թէ արձանը կը յիշեցնէր «Սթար թրեք» ժապաւէններու շարքէն տիպար մը: «Լա Ռեփուպլիքա» թերթին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տար, թէ հանրութեան 86 առ հարիւրը չէր սիրած քանդակը:

Հռոմի քաղաքապետը անմիջապէս կազմեց արուեստի մասնագէտներէ, մշակութային ներկայացուցիչներէ եւ ուսումնասիրողներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որպէսզի Ռայնալտիի հետ գործակցէին եւ  արձանը նմանցնէին անոր գծած այն պատկերներուն, որոնք վաւերացուած էին:

Ռայնալտիի համաձայն, բարեփոխութեան աշխատանքին ընթացքին «փոքր սրբագրութիւններու» ենթարկուած են այն «սխալները», որոնք գործուած են սկզբնական համադրումին ժամանակ:

Նախապէս վերացական արձանը կը պատկերէր ծանր նստած գլուխ մը` նուազապաշտական (մինիմըլիսթ) ոճով եւ ալեծուփ վերարկուի մը վրայ, որ ենթադրաբար կը խորհրդանշէր իր հօտը ողջագուրելու պապին կամեցողութիւնը:

Սակայն արձանին երեւոյթը, որ կը յիշեցնէր վրան մը, դէմքին ճնշուած գիծերը եւ փամփուշտի նմանող գլուխը հաճելի չէին թուեր կրօնաւորներուն եւ պարզ մահկանացուներուն:

Այժմ բարեփոխուած արձանին մէջ պապը կը ժպտայ, ճիգ թափուած է վիզ մը տալու անոր եւ աւելի յստակ ծնօտ մը, ի տարբերութիւն նախկին դաժան արտայայտութեան` գնդակի նման ձեւաւորուած դէմքի մը վրայ: Անոր թիկնոցին բացուածքէն դուրս երկարած է թեւը` ողջունելու եւ պաշտպանելու մղումով:

Արձանին պրոնզի կանաչաւուն երանգը եւս մեղմացած է, մաքրուած են մութ սրճագոյն արատները, որոնք կը ծածկէին գլուխը եւ թիկնոցը: Արձանը այժմ ունի իր սեփական պատուանդանը, փոխան` խոտով եւ թուփերով ծածկուած նախկին շրջապատին:

Հռոմի մշակութային ժառանգութեան վերահսկիչ Ումպերթօ Պրոքոլիի համաձայն, բնական է, որ արձանը պիտի ստեղծէր տարբեր կարծիքներ, որովհետեւ «Իտալիան երկիր մըն է, ուր կ՛ապրին ֆութպոլի 50 միլիոն իրաւարարներ, 50 միլիոն արուեստի քննադատներ եւ 50 միլիոն քաղաքագէտներ»:

«Ժամանակակից արուեստի պարագային պէտք է տարիներ սպասել` նախքան զայն դատելը», կ՛ըսէ ան:

Սակայն բացումին յաջորդ օրն իսկ Հռոմի գնացքի գլխաւոր կայարանին` Թերմինիի դիմաց ծաղիկներով շրջապատուած արձանին քովէն անցնողները չեն տատամսեր իրենց կարծիքը յայտնելու:

«Նախկինէն շատ աւելի լաւ է,- կ՛ըսէ ճամբաներու շինութեան մէջ աշխատող 53 տարեկան մարդ մը` Մարքօ Ֆելիչի, որ արձանին բացման հանդիսութիւնը դիտած է նարնջագոյն տարազով այլ աշխատաւորներու հետ:- Դէմքն ու վիզը բարելաւուած են: Այս անգամ լաւ աշխատանք կատարած են»:

Սակայն գնացք բարձրացող անձ մը` Ալպերթօ Տոնելլա տարակարծիք է.

«Չի՛ նմանիր, չի՛ նմանիր: Ան ուրախ անձ մըն էր: Բնաւ չէր նմաներ այս արձանին: Ինծի համար այս արձանը տակաւին սառնարանի կը նմանի», կ՛ըսէ ան:

Հռոմի քաղաքապետութեան անդամ Ֆապիօ Սապպաթանի Սքիումա եւս համոզուած չէ: «Աւելի՛ վատթարացուցած են արձանը, աւելի՛ Մուսոլինիին կը նմանի», կ՛ըսէ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES