Արուեստի Աշխարհէն. Ձեւագծելը Կամուրջ` Արուեստի Եւ Կեանքի Միջեւ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՁԵՒԱԳԾՈՂԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԷ Ի ՎԵՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԿԱՊԸ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ, ԱՊՐՈՂ ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԱՊՐՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՋԵՒ»: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԷ ԻՏԱԼԱՑԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՁԵՒԱԳԾՈՂ ՊՐՈՒՆՕ ՄՈՒՆԱՐԻԻ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԸ, ՈՐ Ի ԴԷՊ, ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՍԵՓԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ ՄԸ ԿԱԶՄԵԼՈՒ` ՔՈՎԻ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԵՐԿՈՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ:

Առիթով մը Փիքասօ իտալացի առասպելական ձեւագծող-պատկերազարդող Պրունօ Մունարին նկարագրած է իբրեւ «նոր Լէոնարտոն»: 1966-ին լոյս տեսած եւ այժմ դասական իր «Տիզայն էզ արթ» (ձեւագծումը իբրեւ արուեստ) գիրքին մէջ Մունարի կրքոտ կերպով կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ պէտք է ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ դնել արուեստը` ձեւագծումը (տիզայն) վերածելով վիպապաշտութեան եւ գործնապաշտութեան միջեւ կապը ջերմացնող միջոցի:

Այսօր Մունարիի տեսութիւնը դարձեալ կարդալով կ՛անդրադառնանք, թէ որքա՛ն բան փոխուած է կամ չէ փոխուած: Սակայն անոր մէջ ամէնէն աւելի կը տեսնենք ձեւագծումի անժամանցելի տեսլական մը` բարձրագոյն եւ մաքրամաքուր ձգտումով:

Մունարի կը սկսի այսպէս.

«Այսօր արդէն անհրաժեշտ է քանդել առասպելը «աստղ» արուեստագէտին, որ կ՛արտադրէ միայն գլուխ գործոցներ` գերիմաստուն անձերու փոքր խումբի մը համար: Պէտք է հասկնալ, թէ այնքան ատեն որ արուեստը հեռու կը մնայ կեանքի հարցերէն, անիկա կը մնայ միայն սակաւաթիւ անձերու հետաքրքրութեան առարկան: Այսօր մշակոյթը կը վերածուի զանգուածային գործի մը, եւ արուեստագէտը պէտք է վար իջնէ իր պատուանդանէն, պէտք է պատրաստ ըլլայ մսավաճառի մը ցուցատախտակը շինելու (եթէ գիտէ կերպը): Արուեստագէտը պէտք է թօթափէ վիպապաշտութեան վերջին ցնցոտիները եւ դառնայ գործունեայ անձ մը մարդոց մէջ, իւրացուցած` այսօրուան արհեստավարժական միջոցները, նիւթերը եւ աշխատելաձեւը: Առանց կորսնցնելու իր ներհուն գեղագիտական զգացողութիւնը` ան պէտք է կարենայ համեստութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ հակազդել իր շրջապատի անձերուն կողմէ ներկայացուած պահանջներուն»:

«Այսօրուան ձեւագծողը կը վերահաստատէ երկար ժամանակէ ի վեր կորսուած կապը արուեստի եւ հանրութեան միջեւ, ապրող մարդոց եւ ապրող արուեստի միջեւ… Պէտք չէ գոյութիւն ունենայ կեանքէն խզուած արուեստ, որ աչքին գեղեցիկ կը թուի, սակայն անոր ներկայութիւնը վանողական է: Եթէ ինչ որ կը գործածենք առօրեայ կեանքի մէջ արուեստով շինուի եւ ոչ թէ` պատահմունքի կամ քմահաճոյքի արդիւնքով, ապա կարիքը չենք ունենար որեւէ բան թաքցնելու»:

Իր գիրքին յառաջաբանին մէջ Մունարի կը մէջբերէ ընկերվարական իրապաշտութեան հիմնադիր ռուս գրագէտ Մաքսիմ Կորքին.

«Արուեստագէտը մարդ մըն է, որ կը մարսէ իր սեփական ենթակայական տպաւորութիւնները եւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս ընդհանուր առարկայական իմաստ մը պիտի գտնէ անոնց մէջ, թէ` ինչպէս զայն պիտի արտայայտէ համոզիչ ձեւով»:

Մունարի կը զգուշացնէ շատ խիստ կերպով կառչելէ այն տեսութիւններուն, որոնք կ՛ըսեն, թէ ի՛նչ է արուեստը կամ` ինչ չէ՛:

«Ձեւագծումի մարզին մէջ աշխատող ոեւէ անձ կը դիմագրաւէ դժուար պարտականութիւն մը. իր շրջապատի անձերուն ուղեղը մաքրել արուեստի եւ արուեստագէտներու մասին նախապէս կազմուած կարծիքներէ. կարծիքներ, զորս անոնք լսած են դպրոցներու մէջ, ուր կը սորվեցնեն մէկ ձեւով մտածել ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, առանց պահ մը կանգ առնելու եւ մտածելու, թէ կեանքը կը փոխուի, իսկ այսօր` որեւէ ժամանակէ շատ աւելի արագ: Հետեւաբար մենք` ձեւագծողներս պարտաւոր ենք յստակ եւ պարզ միջոցներով ծանօթացնել մեր աշխատելաձեւը եւ այն մեթոտները, որոնք կը կարծենք, թէ ամէնէն աւելի ճշմարիտ են, ամէնէն աւելի այժմէական են եւ ամէնէն աւելի հաւանական է, որ կը լուծեն մեր գեղագիտական սովորական հարցերը: Ոեւէ մէկը, որ կը գործածէ պատշաճ կերպով ձեւագծուած իր մը, կը զգայ ներկայութիւնը արուեստագէտի մը, որ աշխատած է իրե՛ն համար` բարելաւելով իր կեանքի պայմանները եւ քաջալերելով, որ զարգացնէ իր ճաշակն ու գեղեցկութեան զգացողութիւնը»:

Մունարի մէջբերում մը կը կատարէ գերմանացի ճարտարապետ Վալթըր Կրաուփիըսի դասանիւթերու ցանկէն, զոր ան պատրաստած էր 1919-ին իր հիմնած Պաուհաուս դպրոցին համար: Արհեստներու եւ գեղեցիկ արուեստներու այս դպրոցը կը նկատուի ձեւագծումի ծննդավայրը: Արուեստի կրթութեան վրայ կեդրոնացած անոր ոսպնեակը համազօր էր Այզաք Ասիմովի գիտական կրթութեան տեսլականին:

«Գիտենք, թէ կարելի է սորվեցնել գեղարուեստական իրագործումի արհեստավարժական գիտելիքները միայն, սակայն ոչ` ինքնին արուեստը: Անցեալին արուեստի դերակատարութեան տրուած է պաշտօնական կարեւորութիւն, ինչ որ զայն խզած է առօրեայ կեանքէն: Սակայն արուեստը միշտ ներկայ է, երբ մարդիկ կ՛ապրին առողջ եւ անկեղծ»:

«Հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է ստեղծել կրթական նոր համակարգ մը, որ կարենայ գիտութեան եւ արհեստավարժութեան մասնագիտական ուսուցումի իր նոր մօտեցումով առաջնորդել մարդկային կարիքներու ամբողջական գիտութեան եւ անոնց տիեզերական գիտակցութեան»:

«Այսպէս, մեր պարտականութիւնն է կերտել նոր տեսակի արուեստագէտ մը, արարիչ մը, որ կարողութիւնը ունի հասկնալու ամէն տեսակի կարիք, ո՛չ թէ որովհետեւ հանճար մըն է ինք, այլ որովհետեւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի մօտենայ մարդկային կարիքներուն` յատուկ ճշգրիտ մեթոտի մը հետեւելով: Մեր փափաքն է զայն գիտակից դարձնել իր ստեղծագործական ուժին, դարձնել անվախ` նոր տուեալներու դիմաց եւ անկախ` այլոց տեսութիւններէն, իր սեփական աշխատանքին մէջ»:

Մունարի իր գրութիւնը կ՛աւարտէ վիճելով, թէ գեղեցկութիւնը տեսակ մը իրաւունք է.

«Երբ մեր առօրեայ գործածութեան իրերը եւ այն շրջապատը, ուր կ՛ապրինք, ինքնին կը վերածուին արուեստի գործի, ապա կրնանք ըսել, թէ յաջողած ենք իրականացնել հաւասարակշռուած կեանք մը»:

 

Share this Article
CATEGORIES