Արուեստի Աշխարհէն. Վերացական Կաղանդի Ծառ Մը Բողոքի Ալիք Մը Կը Բարձրացնէ Պրիւքսելի Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԱՆՁԵՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՆ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐ ՄԸ` ԼՈՅՍԵՐՈՎ ՇԻՆՈՒԱԾ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻ ՄԸ (ԻՆՍԹՈԼԷՅՇԸՆ) ԴԷՄ, ՈՐ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՓՈԽԱՐԻՆԱԾ Է ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԾԱՌԸ` ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ԱՅՍ ԼՈՒՐԻՆ ՀԱԿԱԶԴՈՂՆԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ ԱՐԴԻ ՈՃՈՎ ՔԱՆԴԱԿԸ ԿԸ ՆՄԱՆՑՆԵՆ «ՄԵՔԱՆՈՅԻ» ՔԱՐԵՐՈՎ ՇԻՆՈՒԱԾ ՁԱԽՈՂ ԲԱՆԻ ՄԸ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԱՄՕԹԱԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ԱՅՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՄՂՈՂ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻ` ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՍԼԱՄՈՒԹԻՒՆԸ:
Աւելի քան 11 հազար ստորագրութիւններ հաւաքուած են համացանցի վրայ հրապարակուած եւ Ֆէյսպուքի էջի մը մէջ հրապարակուած բողոքագիրի մը համար, որուն թիրախն է Պրիւքսել քաղաքին կեդրոնը բարձրացած վերացական բնոյթի Կաղանդի ծառը:
Քննադատներ կը դատապարտեն քաղաքին իշխանութիւնները, որոնք աւանդական ծառի մը փոխարէն` նախընտրած են զետեղել նման գործ մը` խուսափելու համար ոչ քրիստոնեաները, մասնաւորաբար իսլամները վիրաւորելէ:
Սակայն Պրիւքսելի քաղաքապետութեան գրասենեակը կը յայտարարէ, թէ զետեղուած գործը մաս կը կազմէ այս տարուան Ս. Ծնունդի «լոյսի» բնաբանին:
Աւանդաբար Արտենի անտառներէն բերուած 20 մ բարձրութեամբ կոնաբեր ծառ մը կը զարդարէր քաղաքին կեդրոնական հրապարակը:
Այս տարի անիկա փոխարինուած է 25 մ բարձրութեամբ կառոյցով մը, թէեւ աւելի փոքր բնական Կաղանդի ծառեր տակաւին կը զարդարեն հրապարակը:
Քաղաքապետութեան համացանցի կայքը կը գրէ, թէ նոր «ծառը» մէկն է «լոյսի» բնաբանով զետեղման արուեստի 5 գործերէն, որոնք տեղադրուած են հրապարակին տարածքին: Անոնք այցելուներուն առիթ կու տան մագլցելու մինչեւ գագաթ եւ վայելելու քաղաքին «գեղեցիկ տեսարանները»:
Քաղաքապետութեան զբօսաշրջութեան բաժնի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Քլոզ կ՛ըսէ, թէ նման գործեր զետեղելու նպատակն է ցոյց տալ Պրիւքսելի «յառաջապահական նկարագիրը»` միաձուլելով արդիականն ու աւանդականը, ստեղծելու համար նոր ու տարբեր բան մը:
«Վիրաւորական»
Պրիւքսել Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կը հիւրընկալէ Եւրոպայի ձմեռնային ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող բաց շուկաներէն մէկը: Այժմ շատեր մտահոգ են, թէ ժամանակակից ոճով կառուցուած «ծառը» ներդաշնակ չէ իր շրջապատի 17-րդ դարու շէնքերուն հետ:
Ոմանք նոյնիսկ «ծառին» կ՛ակնարկեն իբրեւ «դեղարանը», որովհետեւ անոր բաղկացուցիչ խորանարդները կը պլպլան աշխարհի տարածքին բազմաթիւ դեղարաններու մուտքին կախուած կանաչ խաչի նշանին պէս:
Պրիւքսելի քաղաքապետութեան մէջ Քրիստոնեայ դեմոկրատ եւ Ֆլեման կուսակցութեան ներկայացուցիչ Պիանքա Տեպայեց կը հաւատայ, թէ Պրիւքսելի իշխանութիւնները լոյսի քանդակը զետեղած են` կրօնական զգայնութիւններու «անտեղի վիճարկութենէ մը» մղուած:
«Ծառը վիրաւորական կը թուի բազմաթիւ անձերու, որոնք քրիստոնեայ չեն», կ՛ըսէ ան:
«Այն տպաւորութիւնը ունինք, թէ այս ծառը զետեղուած է մշակութային պատճառներով», կ՛ըսէ Պրիւքսելի բնակիչ Էրիք Մաքսուել:
«Ծառը կը վերաբերի Ս. Ծննդեան տօնին եւ քրիստոնեաներուն, սակայն ներկայիս բազմաթիւ իսլամներ կ՛ապրին Պրիւքսելի մէջ: Հետեւաբար քննարկումներէ խուսափելու նպատակով անիկա փոխարինուած է քանի մը խորանարդներով: Ես աւելի աւանդապահ եմ, կը նախընտրեմ սովորական ծառը: Անիկա աւելի լաւ է պելճիքացիներուն համար»:
Վերջերս պելճիքական «Լը Սուար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած վիճակագրութեան մը համաձայն, 2010-էն ի վեր իսլամները կը կազմեն Պրիւքսելի եւ անոր շրջապատի բնակչութեան 22 առ հարիւրը:
Ձմեռնային Հաճոյք
Պելճիքական մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ կը փութան յայտնելու, թէ ծառը օրինակ մըն է «քաղաքական փափկանկատութեան»: Անիկա ձեւագծուած է` աւանդական եղեւնիէ մը աւելի հաճելի թուելու համար ոչ քրիստոնեայ հաւաքականութիւններուն:
Այսուհանդերձ, յայտնաբար լրատուամիջոցներու մէջ ծայր տուած փոթորիկը սկսած է իր ներգործութիւնը ունենալ հանրային կարծիքին վրայ եւ ոչ թէ` արտացոլել զայն:
Նոր տարուան գիշերուան իբրեւ պատրաստութիւն` հրապարակին վրայ ձայնի եւ լոյսի խաղերու փորձ մը դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով: Խանդավառութիւնը ցոյց կու տար, թէ նոյնիսկ կարգ մը սկեպտիկներ տեղի տուած էին:
«Պարզապէս կ՛ուզենք արդիականացնել ձմրան հաճոյքը, Կաղանդի այս շուկային հաճոյքը եւ ամբողջ Պրիւքսելի դիմագիծը», կ՛ըսէ Ֆիլիփ Քլոզ:
«Կաղանդի ծառը կրօնական խորհրդանիշ մը չէ: Իրականութեան մէջ բազմաթիւ իսլամներ Կաղանդի ծառ մը ունին իրենց բնակարանին մէջ»:
«Անոնց համար, որոնք կը փափաքին կրօնական խորհրդանիշ մը տեսնել հրապարակին վրայ, պատկերած ենք Ս. Ծնունդի տեսարանը: Իսկ անոնց համար, որոնք կը փափաքին արդիական բան մը տեսնել, զետեղած ենք այս նոր ծառը»:
Պելճիքայի իսլամ համայնքի ներկայացուցիչը կ՛ըսէ, թէ իր կազմակերպութիւնը ոչ մէկ վերապահութիւն ունի որեւէ Կաղանդի ծառի դէմ:
«Գիտենք, թէ կ՛ապրինք քրիստոնէական մշակոյթով երկրի մը մէջ: Որեւէ ձեւով չենք վիրաւորուիր` աւանդական Կաղանդի ծառի մը ի տես», կ՛ըսէ ան:
Իսկ Հոլանտայէն զբօսաշրջիկ մը կ՛ըսէ. «Սիրեցի այս ծառը: Արդի արուեստի գործ մըն է: Ջերմ է»:

