Ազատատենչ Ժողովուրդներու Շեփորահար. Արծուեբոյն Զէյթուն
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմի թոհուբոհին զոհ գացին նաեւ շատ մը միութենական, հասարակական, մշակութային, թէ այլ որակի ձեռնարկներ` տեղի տալով բարեսիրական, բարեգործական աշխուժ գործունէութեան մը, որ ոչ միայն առաջնային եղաւ պայմաններու պարտադրանքով, այլ` միակ ճիշդ կողմնորոշումը:
Սակայն եւ այնպէս ֆիզիքական ապահովութեամբ կլանուած հայը չէր կրնար լրիւ մոռացութեան տալ իր հոգեմտաւոր արժէքները: Անխափան գործող միակ առաքելական եկեղեցին` Ս. Աստուածածինը, ամէն կիրակի յորդեցաւ բարեպաշտներու բազմութիւններով, Հալէպի միակ շաբաթաթերթ «Գանձասար»-ը շարունակեց լոյս տեսնել, տպարաններէն նորատիպ գիրքեր լոյս տեսան, կարգ մը վարժարաններ արդէն օրինաւոր կը գործեն, Ամանորի առթիւ բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները կը պատրաստեն իրենց աւանդական օրացոյցները, շատերը` 2013-ին զուգադիպող հայ գրողներու, կամ արուեստագետներու յոբելեաններուն նուիրուած էջերով:
Մշակոյթի անդաստանին մէջ, մեր թատերասրահները մնացին ամայի, հասկնալի պատճառներով:
Բոլոր տարիներուն նման ծրագրուած թատերախաղեր, պարային, երաժշտական, յոբելինական, կամ այլ տիպի ձեռնարկներ մնացին առկախ:
Այս շարքին մէջ զոհ գնաց նաեւ Զէյթունի 1862-ի մեծ ապստամբութեան 150-ամեակին նուիրուելիք հանդիսութիւնը:
Հայ ժողովուրդի սեւ ու սպիտակ էջերով ծանրաբեռնուած պատմութեան մէջ կարեւոր սպիտակ ու ոսկետառ էջ մը կը կազմէ այս մեծ ապստամբութիւնը, որուն համար Զէյթուն կոչուեցաւ «Ազատատենչ ժողովուրդներու շեփորահար» նոյնիսկ օտարներու կողմէ, եւ որուն ազդեցութիւնը 19-րդ դարու Արեւմտահայաստանի զարթօնքին, որպէս ազդանշան ազգային-ազատագրական պայքարի, անուրանալի է:
Սուլթան Մուրատ Դ. զէյթունցիք իր կողմ սիրաշահելու համար 1626- 27-ին յատուկ հրովարտակով (ֆարաման) անոնց կիսանկախութիւն շնորհեց, որուն հիման վրայ զէյթունցիք տարեկան չնչին հարկ մը պէտք էր վճարէին Բարձր դրան, առանց որ պետութիւնը ուղղակի միջամուխ ըլլար իրենց կեանքին ու գործերուն:
Հետագայ տարիներուն, իրերայաջորդ թրքական իշխանութիւնները չհաշտուելով այս կացութեան հետ, յաճախ փորձած են ասպատակել Զէյթունի վրայ, յատկապէս` Մարաշի թուրք կառավարիչները, որոնք փորձած են իրենց ենթարկել Զէյթունը, սակայն չեն յաջողած ու ամէն անգամ ալ պարտուած վերադարձած են:
Սակայն 1862-ին Մարաշի կառավարիչ Ազիզ փաշան 10.000-նոց կանոնաւոր բանակով եւ մեծ թիւով պաշըպոզուքներով յուլիսի սկիզբը արշաւեց Զէյթունի վրայ, աւերեց ու այրեց կարգ մը գիւղեր ու այգիներ եւ պաշարեց Զէյթունը: Զէյթունցիք, ինչպէս միշտ, զէնք ի ձեռին պաշտպանեցին իրենց պապենական հայրենիքը, Ազիզ փաշա չկրցաւ գրաւել Զէյթունը. օգոստոսի 2-ին վերադարձաւ` այս անգամ 40.000-նոց բանակի մը գլուխն անցած: Զէյթունցիք 7000 կտրիճներով, 4 ջոկատներու բաժնուած, զէյթունցի 4 թաղապետ – իշխաններուն` Ս. Սուրէնեանի, Մ. Եաղուպեանի, Ա. Ենի-Տիւնեայեանի եւ Ղ. Շաւրոյեանի գլխաւորութեամբ ջախջախեցին թրքական բանակի յառաջապահ ուժերն ու ետ մղելով զանոնք` դուրս շպրտեցին գաւառի սահմաններէն:
Թուրքերը ամօթալի պարտութիւն կրելով` Ֆրանսայի միջամտութիւնը խնդրեցին:
Զէյթուն շարունակեց անուանապէս կիսանկախ, բայց գործնականօրէն մնաց անկախ` աչքին փուշը դառնալով օսմանեան պետութեան:
1895-96-ի համիտեան ջարդերուն զէյթունցիք նոր յաղթանակ մը տարին թուրքերուն վրայ, մինչեւ որ Հալէպի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպական 6 պետութեանց հիւպատոսները եկան միջնորդելու եւ հաշտութիւն կնքելու Զէյթունի պարտադրած պայմաններով:
Սակայն, 1915-ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսին տուած խոստումներով, որ ստացած էր Բարձր դուռէն, ու անոր իրերայաջորդ պնդումներուն ու հրահանգներուն ենթարկուելով, իբր թէ ժամանակաւոր, իբր թէ ապահով ետ վերադառնալու խոստումով, զէյթունցիք լքեցին իրենց հողերը ու խաբուելով` յուսահատ ու գլխիկոր բռնեցին բռնագաղթի արիւնոտ ճամբան:
Այսօր Զէյթունը անջնջելիօրէն հայոց սրտերուն մէջ դաջուած կը մնայ, բայց բուն Զէյթունէն, բացի իր հմայիչ, դրախտային բնութենէն, բան չէ մնացած:
Թուրքերը աշխատած են ի սպառ ջնջել այս անհնազանդ լեռնցիներուն յիշատակը, փոխած են անունը ու դարձուցած` Սիւլէյմանիէ, կամ` Սիւլէյմանլը, հսկայ քաղաքէն այսօր մնացեր են հատ ու կենտ տնակներ` ցրուած այգիներուն մէջ, Քեսապի ծովեզերեայ շրջանը յիշեցնող: Ոչ իսկ` նորակառոյց մէկ տուն կամ շէնք:
Սակայն, ի՛նչ օգուտ, երբ թուրքի մը ըսես, որ արմատներդ Զէյթունէն են, աչքերը խոշոր- խոշոր կը բանայ ու եթէ վայրկեան մը մոռնայ իր թրքութիւնն ու հայատեացութիւնը, չի վարանիր գլխարկը հանել:
Չկայ Զէյթունը այսօր որպէս ֆիզիքական ներկայութիւն, սակայն, ոչ միայն զէյթունցիներու, այլեւ ամբողջ հայութեան սրտերուն մէջ կ՛ապրի ան` որպէս հայու հայրենասիրութեան ու հերոսական կամքի ու սխրանքի խորհրդանիշ:
Հալէպ, 28 նոյեմբեր 2012

