«Երկու Ափ» (Հեղինակ` Համբիկ Մարտիրոսեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2012-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ լիբանանահայ բանաստեղծ եւ խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանի «Երկու ափ» խորագրեալ քերթողագիրքը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններուն:
Հեղինակը ցարդ հրատարակած է հետեւեալ չափածոյ եւ արձակ երկերը. «Ես եւ դուն», բանաստեղծութիւններ (1981), «Սպիտակ երգ», բանաստեղծութիւններ (2003), «Մա՛րդ, մարդացի՛ր, կ՛աղաչեմ», պոէմ (2004), «Հրեշտակներու մայրաքաղաքը»` թատրերգութիւն (2004), «Վերադարձ դէպի արմատներ»` տպաւորութիւններ (2006), «Արցունք եւ ժպիտ»` պատմուածքներ (2008), «Կարօտ ու մորմոք»` բանաստեղծութիւններ (2010) եւ «Երկու ափ»` բանաստեղծութիւններ (2012):
Վերոյիշեալ հատորը կը բաղկանայ 128 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ եօթ բաժինները. «Նախերգանք», «Հեռացումի ազնիւ խօսքեր», «Հեռու մթնշաղ», «Հեռացած ուրախութիւն», «Գարնան պէս գեղեցիկ», «Հայերգութիւն» եւ «Մա՛րդ, մարդացի՛ր, կ՛աղաչեմ»:
Սէրը կը կազմէ հիմնական առանցքը «Երկու ափ» խորագրեալ քերթողագրքին, որուն զգացական ենթահողը կը յատկանշուի սիրոյ եւ կարօտի վշտակէզ ապրումներով:
Կարօտը` հանդէպ իր սիրածին, կ՛ալեկոծէ Համբիկ Մարտիրոսեանի սիրտը տառապանքի յարատեւ մակընթացութեամբ: Չկարենալով հասնիլ իր ցանկալի երազին` ան կ՛արտաբերէ յուսաբեկ զգացումներ հետեւեալ տողերով.
«Բաժակին մէջ շրթունքներուդ
Յոյսի ծաղիկներս թօշնեցան,
Սպասումս հեգնեց ժամանակի դաւաճանող խաղը
Եւ որոշեց պատկերդ դնել շրջանակի մէջ…»:
Տարիներ շարունակ,
Երգերս, թակեցին դռնակը փակ հոգւոյդ
Ուր, ամէն օր բանտարկեցի երազներս մաքուր
Եւ յուսախաբ վերադարձայ նոյն մայթերով…»:
Խորացնելով սիրոյ մասին իր դառնակսկիծ մտածումները` հեղինակը կը մատնանշէ երեք հանգրուաններ, որոնք կը վերաբերին իր սիրած էակին հետ իր ունեցած սիրային կապերուն: Այսպէս, այս առնչութեամբ ան կ՛ըսէ.
«Մեր սէրը սկսաւ քու աղուոր ժպիտով,
Մեր սէրը քաղցրացաւ քու տաք համբոյրով,
Մեր սէրը աւարտեցաւ մեր արցունքով»:
Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ յաւիտեան զրկուած կը զգայ ինքզինք երջանկութեան հոգեպարար զգացումէն, այն իրողութեամբ, թէ իր սիրուհին, կարճատեւ ժամանակ մը ժպտալէ ետք իրեն, հեռացաւ անդարձ ասուպի մը յեղակարծ եւ գահավէժ սահանքով…
Ահա թէ ինչո՛ւ իր սիրած աղջկան բացակայութեան խոր ափսոսանքով կ՛արտայայտէ հետեւեալ պատկերաւոր այն մտածումը, թէ երջանկութիւնը բաժակ մըն է, որուն կենսաբորբ համբոյրին չկրցան մատչիլ իր սիրատոչոր շուրթերը.
«Լռութեան մէջ այս գիշեր, ես քեզ դարձեալ կը փնտռեմ,
Իմ գործած մեղքը խոշոր, քաւելու քեզ հետ միայն…
Ես ուժաթափ, պարտասուն, դեռ կ՛երազեմ խօլաբար,
Երջանկութեան սուրբ բաժակն, որ չդպաւ…
շուրթերուս…»:
Այս հոգեխառնութեամբ, սիրահար հեղինակը չի կրնար հեռանալ իր սիրածէն, զոր կը նկատէ միակ սպեղանին` իր սիրատանջ հոգիին…
Կ՛ըսէ, թէ ջերմօրէն կը սիրէ իր սիրածը, որուն անունը կ՛ուզէ գաղտնի պահել թանկարժէք գանձի մը նման:
Համբիկ Մարտիրոսեան կը դրսեւորէ իր կարօտակէզ զգացումները` ո՛չ միայն սիրոյ հանդէպ, այլ նաեւ` իր մանկութեան, որ անցելամոյն յիշատակ է դարձած հիմա: Այս յղացքով, ան կը խնդրէ իր մանկութենէն, որ վերադառնայ անյապաղ եւ բերէ իրեն հետ այն երազներն ու հրճուանքները եւ այն գանձը անսահման, որ տարաւ ան իրեն հետ դէպի անցեալի բացատները հեռամոյն…
Համբիկ Մարտիրոսեան, հայելիին առջեւ կանգնած, երբ կը դիտէ ինքզինք, խորապէս կը տխրի` նկատելով, որ թեւակոխած է իր ծերութեան տարիքը: Հետեւաբար ան կը խնդրէ հայելիէն, որ վերադարձնէ իրեն երիտասարդական իր կորուսեալ խանդը, կենարար արեւը եւ իր սիրոյ անդարձ ժպիտը:
Այլ առիթով, հեղինակը կը հաստատէ այն դառն ճշմարտութիւնը, թէ կարելի չէ հաւատալ բարեկամութեան: Կ՛ըսէ, թէ հարկ է ըլլալ զգաստ, որպէսզի չխաբուինք «բարեկամ կարծուած բարեկամներէ…»:
Մարտիրոսեան գրած է կարգ մը քառեակներ, որոնք նուիրուած են Հայաստանին, Արարատին, Երեւանին, անձնական եւ ընդհանրական այլ երեւոյթներու, որոնք կը փոխանցեն ցաւատանջ ու սրտայոյզ զգացումներ, ինչպէս` Արարատին ուղղուած հետեւեալ քառեակը.
«Աչքերուս դէմ, կանգնած ես լուռ, Արարա՛տ,
Սրտիս վրայ, դուն ծանր ցաւ, Արարա՛տ,
Ինչո՞ւ սակայն, մարդիկ չար ու նենգամիտ
Քեզ խլեր են իմ Մայր հողէն, Արարա՛տ…»:
Ինչ կը վերաբերի Ամանորի տօնախմբութեան, Մարտիրոսեան կ՛ըսէ, թէ մանկութեան օրերուն թէեւ աղքատ էին եւ չունէին ո՛չ Կաղանդի ծառ եւ ո՛չ խաղալիք, բայց ունէին ուրախութիւն եւ ժպիտ: Ներկայիս, հակառակ բարեկեցիկ վիճակ մը ունենալուն, ան կ՛երազէ տակաւին իր թշուառ մանկութիւնը: Այս դիտաւորութեամբ, ան կ՛ըսէ, թէ փոխան գոյնզգոյն զարդերու` կ՛ուզէ կախել իր տօնածառին վրայ «յոյսի շողեր, սիրոյ հունտեր, խիղճ, զգացում, գուրգուրանք, կարօտ եւ ըղձանք»:
Հեղինակը կ՛երգէ մայրական սէրը ու կը թուէ բարեմասնութիւնները հայ կրթական մշակին, որուն վաստակին առջեւ կը խոնարհի յարգանքով:
Համբիկ Մարտիրոսեան գրած է քերթուածներ` Հայաստանի, Վարդանանց դիւցազնամարտի եւ Ապրիլեան եղեռնի մասին:
«Սումկայիթ» խորագրեալ քերթուածով հեղինակը կ՛ըսէ, թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ո՛չ մէկ ոճրապարտ արարք կրնայ անպատիժ մնալ…
Հատորը կ՛եզրափակուի «Մա՛րդ, մարդացի՛ր, կ՛աղաչեմ» խորագրեալ երկարաշունչ քերթուածով, ուր Մարտիրոսեան կ՛ընդվզի` տեսնելով, որ մարդիկ կ՛անարգեն զիրար` փոխանակ ցուցաբերելու սէր եւ խանդաղատանք մէկզմէկու հանդէպ:
Արդարեւ, «Երկու ափ» խորագրեալ քերթողագրքով Համբիկ Մարտիրոսեան կը յայտնէ այն հաշտարար կարծիքը, թէ մարդիկ պէտք է ըլլան համերաշխ, ըլլան խաղաղասէր եւ ապրին կեանքի նոյն ափին վրայ` սիրոյ ու եղբայրութեան նոյն մթնոլորտով կենսաւորուած:
Օգոստոս 2012
Պէյրութ

