7 Դեկտեմբեր 1988, Ժամը 11:41. Սպիտակի Երկրաշարժին Պատճառած Կսկիծը Չի Մոռցուիր, Ոչ Ալ` Իրերօգնութեան Ձեռք Երկարելու Ազգային Միասնականութեան Յաղթարշաւը

Ն.

Դեկտեմբեր 7-ին, 24 տարի առաջ, Հայաստանի  հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով տեսաւ ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան դէմ:

1988-ի այս օրը, ճիշդ ժամը 11:41-ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները` ընդհանրապէս Գիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան:

Կործանարար երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց ամբողջ շէներ, համատարած աւերակոյտի տակ թաղեց աւելի քան 30.000 զոհեր, 130.000 տարբեր աստիճանի վիրաւորներու պատճառ դարձաւ եւ 500.000 հոգի անտուն ու անօթեւան կեանքի դատապարտեց:

Մասնագիտական գնահատումով` Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 3.000.000.000 եւրոյի վնաս պատճառեց:

Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնուած է աղէտի գօտին: Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ: Գիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ` Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները:

Բայց դեռ չէ անցած կսկիծը. հարիւր հազարաւորներ այսօր կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը. աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը վերստին կ՛ոգեկոչէ 1988-ի աղէտալի երկրաշարժը:

Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ոչ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ` ողջ աշխարհին ու մարդկութեան:

Սպիտակի աղէտը յառաջացուց միջազգային սրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով` մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն  դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրարու օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ոգին:

Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը  անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան` նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած բնական ուժգնութիւնը: 6,9 աստիճանի երկրաշարժը այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ երկրի ընդերքին անդուլ խմորուող շարժերն ու ժայթքերը ուսումնասիրելու, կանխատեսելու եւ նախազգուշութեանց դիմելու արհեստագիտութիւնը անհրաժեշտ չափով զարգացած ըլլար, բնակութեան շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային եւ պետական կազմակերպ կառոյցները զինուած ըլլային բնական աղէտներուն արագօրէն արձագանգելու եւ փրկարարական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրագործելու յարմարութիւններով:

Փաստօրէն, Սպիտակի երկրաշարժին դէմ յանդիման, Խորհրդային Միութեան տարողութեամբ 20-րդ դարու գերուժը ցոյց տուաւ իր ահաւոր թափթփածութիւնը, ինչ որ ախտանշական իմաստ ունեցաւ  նաեւ Արեւմուտքի թէ Արեւելքի բոլոր գերուժերուն  համար, որոնք իրենց կարգին անդրադարձան սեփական թերիներուն եւ անպատրաստութեան` բնական աղէտներու դիմագրաւման համար:

Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ: Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ մէկ մարդու պէս աղէտի գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական կամրջումը:

Աղէտէն ամիսներ առաջ, արցախեան շարժման պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջատիրական միասնութիւնը բառացիօրէն  կրցաւ, աղէտի գօտիին օգնութեան հասնելու իր զօրաշարժով, նոր դարաշրջանի մը սկիզբ դնել եւ ջնջել Մէկ Ազգի, Մէկ Հայրենիքի եւ Մէկ Դատի պահանջատիրութեան իր յաղթարշաւը արգելակող խոչընդոտներն ու բաժանարար սահմանագծերը: Իր խորագոյն կսկիծին մէջ անգամ հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի միացում պահանջեց եւ համազգային վճռակամութեամբ բռունցք բարձրացուց:

7 դեկտեմբերին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին հայեացքը վերստին կ՛ուղղուի դէպի Սպիտակ ու աղէտի գօտի` անդարձ մեր կորուստներու  անանց կսկիծով, բայց նաեւ` մեր ցաւին ընդմէջէն ազգային մեր միասնականութիւնը վերանորոգելու հաստատակամութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES