«Մենեզեսը Պէտք Չէր Պաշտօնազրկել» Կ՛ըսէ Զակալօ
Իր խօսքը ուղղելով Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Մարիօ Զակալօ ըսաւ, որ հաւաքականի մարզիչ Մարիօ Մենեզեսը պէտք չէր պաշտօնազրկել, որովհետեւ ժամանակը յամար չէր այդ քայլը առնելու:
Մարաքանայի դաշտին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով 81 տարեկան Զակալօ ըսաւ. «Մենեզեսը փոխարինած Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարին իմ բարեկամս է, եւ ոչ մէկ հարց ունիմ անոր հետ: Պրազիլ սկսած էր գտնել իր ճիշդ ճամբան, սակայն ֆետերասիոնը դիմեց այս քայլին, որուն համար ինք պատասխանատու է բնականաբար: Կը յուսանք, որ Սքոլարի Քարլոս Ալպերթօ Փարէյրայի հետ կը յաջողի 2014-ի Մոնտիալին տիտղոսը ապահովել իր երկրին, նամանաւանդ իբրեւ հիւրընկալ երկիր»:
Նշենք, որ 50 տարեկան Մենեզես 2010-ի Մոնտիալէն ետք փոխարինած էր Տունկան: Սակայն կարճ ժամանակ ետք ճնշումի տակ եղած էր, երբ Պրազիլ ձախողած էր տիրանալ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, ինչպէս նաեւ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիականի խաղերուն ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին պարտուած էր Մեքսիքայէն:

