Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին
Երէկ Մարաքեշի մէջ (Մարոք) աւարտեցաւ Արաբական ակումբներու փինկ փոնկի 24-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Այս ախոյեանութեան Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս խումբերով: Անոնք են` Ժընուպ Թուլ, Նատուա Քամաթիէ (տղաք), Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա եւ Շապապ Ֆաուար (աղջիկներ):
Ժընուպ Թուլ յաջողեցաւ կարեւոր իրագործում մը կատարել, երբ հանդիսացաւ երրորդ եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին` կիսաւարտականին պարտուելէ ետք եգիպտական Ահլիէն (3-2): Վերջինս հանդիսացաւ երկրորդ, երբ աւարտականին պարտուեցաւ Իթթիհատէն (Սէուտական Արաբիա):
Քամաթիէ հանդիսացաւ հինգերորդ` 21 ակումբներուն մէջ:
Քֆարշիմայի աղջիկները հանդիսացան 8-րդ, մինչ Շապապ Ֆաուար` 9-րդ:
CATEGORIES Մարզական

