Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Ղազիէ Յաղթեց Ահտի (5-4)
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 53-րդ ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այսօր տեղի ունենալիք Թրիփոլի – Ախա Ահլի Ալէյ մրցումը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով անորոշ թուականով մը յետաձգուեցաւ` Թրիփոլիի մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով:
Ահտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Ղազիէն, 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (կիսախաղ` 1-1): Անիկա այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Իմատ Ղատտար նշանակեց չորս կոլ:
Սաֆա 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սուրէն, ուր 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սալամ Սուրը:
Տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը արձանագրելով` Սաֆա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, ունենալով 21 կէտ: Իսկ Սալամ Սուր, որ կրեց իր 8-րդ յաջորդական պարտութիւնը, առանց ոչ մէկ կէտի կը գրաւէ վերջին դիրքը:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ մրցումին Անսար 5-1 արդիւնքով յաղթեց Իժթիմահիի:
Այժմ Անսար 18 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:

