Վարդան Մինասեան Եւ Ռոման Պերեզովսքի Քուէարկեցին Ի Նպաստ Մեսսիի Եւ Տել Պոսքէի
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան եւ խմբապետ Ռոման Պերեզովսքի քուէարկած են ի նպաստ Լիոնել Մեսսիի եւ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէի, ինչ կը վերաբերի 2012-ի լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ մարզիչի ընտրութեան:
Նշենք, որ 29 նոյեմբերին ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց այն երեք մարզիկներուն եւ երեք մարզիչներուն անունները, որոնցմէ մէկը պիտի տիրանայ տիտղոսին:
Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը կ՛որոշուի ազգային հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչներուն, խումբերու խմբապետներուն եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի անդամ երկիրներու յառաջատար լրատուամիջոցներէն մէկուն ներկայացուցիչին քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք:
CATEGORIES Մարզական

