Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկեց Սաֆան, որուն համակիրները Իժթիմահիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին գտնուած էին անկարգապահ:
Ատկէ բացի, անիկա իր դաշտին վրայ կատարելիք իր մէկ մրցումը պիտի կայացնէ այդ դաշտէն դուրս», իսկ Սալամ Սուրի դէմ տեղի ունենալիքը պիտի ըլլայ առանց համակիրի:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց ըսելով, որ յառաջիկայ ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Պէյրութի «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ պիտի ունենայ ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին ներքին կանոնագիրին գծով կարգ մը հիմնական կէտեր բարեփոխութեան պիտի ենթարկուին:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան 7-9 դեկտեմբերին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 8 նոյեմբերին` Ահլի Պըրժ Ռահհալի դէմ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:

