Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 8 Դեկտեմբերին Կը Վերսկսի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Երէկ` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթ, 8 դեկտեմբերին կը վերսկսի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը:

Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումը սկսած էր նախքան ախոյեանութեան առկախուիլը, երբ Սաժես յաղթած էր Պաժժէի` 20-0 արդիւնքով (ի բացակայութեան):

Ստորեւ` ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորումը.

ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ          ԺԱՄ  ԴԱՇՏ
Պաժժէ – Անիպալ Զահլէ          16:00 Սանթրալ
Անդրանիկ Պէյրութ – Ամշիթ 16:00 Տեմիրճեան

ԿԻՐԱԿԻ, 9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Մութթահետ – Շանվիլ            17:00 Թրիփոլի
Ռիատի Պէյրութ – Հուփս          17:00 Մանարա

Share this Article
CATEGORIES