Լիբանանահայ Ռատիօթոն. Մասնակցինք Հայաստան Հայկական Հիմնադրամի Աշխատանքին
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Հերթը մի պահ մերն է հիմա…
Մեր սիրելի լիբանանահայերը արդէն տեղեակ են «Հայաստան» հայկական հիմնադրամի նպատակին եւ գործունէութեան մասին: Ամէն տարի կը կատարուի համաժողովրդային այս հանգանակութիւնը` գաղութներու մէջ: Իւրաքանչիւրը կու տայ, ըստ իր կարողութեան:
Տեղեակ ենք կատարուած ծանուցումներէն, թէ քանի մը շաբաթէ ի վեր կը կատարուին թելեթոններ եւ ռատիօթոներ, Ամերիկաներէն մինչեւ Ռուսիա եւ այլ գաղութներ: Այսօր, 7 դեկտեմբեր 2012, հերթը մերն է մասնակցելու եւ անկարելին կարելի ընելու, որպէսզի կատարենք մեր ճիտին պարտքը` օգնութեան հասնելու ո՛չ միայն Հայաստանին եւ Արցախին, այլ նաեւ` Սուրիոյ հայութեան, որ մնացած է շուարած, խուճապի մատնուած է սուրիական հայրենիքին մէջ ստեղծուած պատերազմին պատճառով:
Լիբանանահայը միշտ պատրաստ եղած է նման կանչերու, այսօրուանը տարբեր չէ նախորդ հանգանակութիւններու հրաւէրէն: Պիտի մասնակցինք լիաբուռն, առատաձեռն, նոյնիսկ` լումայական նուիրատուութեամբ: Պիտի հասնինք մեր եղբայրներուն օգնութեան:
Հայաստան աշխարհ: Մեր նուիրատուութիւններով ջանանք օգնել Հայաստանի մեր եղբայրներուն, որպէսզի հայը ապրի իր հայրենիքին մէջ:
Արցախ, Ղարաբա՜ղ սիրելի: Մեր սրտին զարկն ես նաեւ դուն, քեզմով տարուած ենք միշտ մեր մտածումներով, մեր ուրախ թէ տխուր ժամերուն: Երբ կը մտածենք ազերի բանակին կողմէ եղած թշնամանքին եւ կատարուած ահաբեկչական արարքներուն մասին, կ՛աղօթենք, որ թշնամի գնդակներէն հեռու մնայ մեր սահմանապահ քաջ զինուորը: Մեր սիրտը կ՛արիւնի, երբ իմանանք ղարաբաղցի զինուորի մը կամ քաջարի երիտասարդի մը նահատակութիւնը: Հարկ է զօրացնենք Արցախը, հոն ծնած նոր ծնունդներով ուրախանանք, օգնենք արցախցի մօրը, որպէսզի զաւակով մը յաւելեալ հայ մը շնորհէ մեր հայրենիքին: Որդեգրենք անտէր մնացած, անօգնական ընտանիքի մը զաւակին կրթութեան նպաստ ընծայելու պարտաւորութիւնը:
Այսօր մեր հոգերուն, մեր ցաւերուն վրայ աւելցած է Սուրիոյ հայութեան տագնապահար վիճակը, ցիր ու ցան եղած մեր ժողովուրդին վիճակը, որ պատերազմին կրակներէն փախած` ապաստան գտած է մաս մը Հայաստան եւ քիչ մը այլ գաղութներու մէջ: Հետեւինք «Օգնի՛ր եղբօրդ» կարգախօսին եւ տանք նոյնիսկ մեր չունեցածէն: ԿՈՉԸ ամէնուն է, ունեւորին եւ չունեւորին: Փախուստ չկայ այս պարտքէն: Պատրաստուեցէք 7 դեկտեմբերի մեր ՌԱՏԻՕԹՈՆին` «Վանայ ձայն»-էն սփռուած: Այս առիթով ողորմի մը տուած պէտք է ըլլանք նաեւ 24 տարիներ առաջ Հայաստանը ցնցած ահաւոր եւ աղէտալի երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակին:

