Անդրադարձ` «Հայաստան» Համահայկական Ռատիոթոնին Առիթով. Անդառնալի Ուղին

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Շատ անգամ դառնութեամբ յագեցած մեր հաւաքական կեանքի լուսամուտին նշմարելի կ՛ըլլան այնպիսի մեծահոգի արարքներ ու ազնիւ մտայղացումներ, որոնք պահ մը մտածել կու տան, թէ արդեօք նման ազգանուէր գործունէութիւններ, ազգային պարունակէ ժայթքող օրինակելի արտայայտութիւննե՞ր են, թէ՞ կեանքի թաւալքին կողմէ մեզի պարտադրուող նոյնինքն հրամայական ու անսովոր ուղղութիւններ:

Այլ խօսքով, դարերու խորքէն մեզի ժառանգուած ու հայոց պատմութեան թելադրանքին ուժական դրսեւորումը պէտք չէ՞ նկատել այն վեհափառ վարքագիծը, թէ ազգը կրնայ գոյատեւել ապաւինելով իր սեփական ուժին, համոզումներուն, երազներուն եւ տեսլականներուն` հայրենիքի ու պետականութեան սրբազան ծածկին տակ:

Արդարեւ, ի՛նչն է, որ մեզ հաւաքաբար կրկին ու կրկին մեր թմբիրէն կը սթափեցնէ, եթէ ոչ այն ուժեղ ու անպարագծելի գիտակցութիւնը` համահայկական շունչի ու կամքի հասկացողութեամբ գործելու, արարելու, ծրագրելու եւ կողմնորոշուելու` յանուն ազգային անյետաձգելի տենչերու եւ առաջադրանքներու իրականացման:

Այլապէս ալ, ի՛նչն է, որ մեզ ազգովին կը մղէ վերաթարմացումի եւ վերահայացումի պահեր ապրելու, հպարտանալու եւ խրոխտ քայլերու ընդմէջէն` ձախողեցնելու ամբողջ հայութեան դէմ ուղղուած թշնամական ոտնձգութիւններն ու քաղաքա¬տնտեսական սադրանքները, եթէ ոչ վերանկախ հայրենիքի գոյութիւնը, սփիւռքահայութեան գիտակցական նուիրումն ու պատկառելի նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:

Անցնինք:

Հաւանաբար ամէնէն սարսափելին պիտի ըլլար այն, որ հայութիւնը պատմական օրհասը ապրելէ եւ անասելի բարբարոսութիւններու ենթարկուելէ ետք ատակ չըլլար իր ներքին ուժականութեամբ ու բարոյահոգեբանական կազմաւորումով վերականգնելու եւ վերահաստատելու իր հաւաքական գոյերթը:

Այս առումով ալ, յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, որ, հակառակ ճակատագրուած ժողովուրդ մը ըլլալնուս, մեր տեղատուութիւններուն եւ բարդոյթներուն, պարտութիւններուն եւ յաղթանակներուն առընթեր, տակաւին որպէս կենարար ազգ կը շնչենք ու կը ստեղծագործենք` միշտ ականջալուր մնալով հայրենասիրական մեր կիրքերուն եւ համոզումներուն:

Միթէ նման հաստատումներու շօշափելի արտայայտութիւն պէտք չէ՞ նկատել համահայկական գործելակերպերու որդեգրումը, թէեւ մասնակի, բայց տիրական հնչեղութեամբ:

Իրօք, Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի ազատագրումով հայութիւնը կ՛ապրէր իր տարերքն ու հոգեշարժը` ի տես փառահեղ յաղթանակներուն, մարտահրաւէրներուն եւ հաւաքական կեանքի տնօրինումին, որուն պատուանդանը հանդիսացաւ հայկական պետականութիւնն ու անոր հովանիին տակ գործող կառոյցները:

Եւ այս պարունակի մէջ պէտք է դիտել «համահայկական» եզրով բանաձեւուած ամէն աշխատանքի հիմնաւորում, որով պիտի ապահովուի հայրենիքի յառաջդիմութիւնն ու հայութեան հզօրանքը:

Արդարեւ,  տարուէ տարի զարգացող եւ ամրապնդուող դրամահաւաքի աշխատանքները, որոնք կը կատարուին հայահոծ գաղութներու մէջ, ճիշդ չէ տեղադրել սոսկ նիւթական պարունակի եւ կամ օժանդակի հասկացողութեան ծիրին մէջ, այլեւ անոր պէտք է ագուցել ազգային գաղափարախօսութեան ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը` իրերօգնութեան, իրարմով ապրելու եւ զօրանալու հայակերտ ըմբռնումը, որուն պահպանումին եւ ամրակայումին կոչուած ենք բոլորս անխտի՛ր:

Անցնելով գաղութահայ մեր կեանքին, լիբանանահայութիւնը, հակառակ վերջին տասնամեակներուն իրեն վիճակուած տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, լաւագոյնս յաջողեցաւ ապացուցել իր հայրենասէրի ու հայրենակերտի մօտեցումները եւ քաջաբար լծուիլ համահայկական աշխատանքներու որդեգրումին ու յանձանձումին:

Փաստօրէն, լիբանանահայութիւնը յաջողեցաւ իր դրոշմն ու հմայքը արձանագրել ժամանակակից հայոց պատմութեան էջերուն մէջ` իր բերած թէեւ համեստ, բայց անգնահատելի ներդրումին վաւերականութեամբ:

Հայաստանի թէ Արցախի մեր հարազատներուն ձեռք երկարելու եւ հայօրէն օժանդակելու տրամադրութիւնն ու կամեցողութիւնը միայն պատիւ կը բերէ Լիբանանի հայութեան, որ իր դիմագրաւած բազում մտահոգութիւններուն առընթեր իր եղբայրական նպաստը կը բերէ հայրենիքի կերտումին եւ հզօրանքին:

Միւս կողմէ, յոյժ գնահատելի ոստումով եւ յղացքով մը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինը, իր հանգանակած գումարին տոկոսային համեմատութիւն մը պիտի նուիրաբերէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան կարիքներուն, գէթ մասնակիօրէն թեթեւցնելու պարտադրուած պատերազմի թէ տնտեսական տագնապի ահաւորութիւնը:

Այս դիտանկիւնէ արձանագրել է պէտք, որ հայութիւնը երբեւէ չէ զլացած իր քսակն ու սիրտը մատուցել իր ազգին ու հայրենիքին, երբ ականատես է եղած իրաւութեամբ թաթաւուն աշխատանքի, հեղինակադրոշմ վարքագծերու ճառագայթումին, հմայքով պարուրուած պատասխանատու կեցուածքի, հայութիւնը համախումբ պահող տեսլականի, կենդանի օրինակներու ուռճացումին, կարգախօսային եւ սին կարգախօսներէ ձերբազատ հեղինակային ներդրումի ու մանաւանդ` համահայկական միջոցառումներու որդեգրումին:

Այսուամենայնիւ, մեր հաւաքական ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի այն հասկացողութիւնը, թէ ազգային գոյութենական մեր պայքարին մէջ կ՛ապրինք անկիւնադարձային հանգրուան մը, ի հայրենիք թէ սփիւռս աշխարհի, որ իր կարգին կը պարտադրէ ստեղծել համահայկական գաղափարախօսական արժեհամակարգ, որ պիտի դառնայ յենարանն ու ամրոցը` համազգային հարցերու լուծումին առաջնորդող եւ մարտահրաւէրներու շրջանցումին նպաստող:

Անկեղծ ասած, տոկոսային համեմատութեամբ տարբեր տեսակի օժանդակութիւն մատուցելու եղանակը թէեւ արժանացած է բոլորին գնահատանքին, սակայն հարկ է շուտափոյթ գիտակցիլ, որ օրինակ, Սուրիոյ հայութեան պարագային` ստեղծուած օրհասին թէ պատերազմական ահաւոր վիճակին ի տես, ազգը պարտաւոր է որդեգրելու համահայկական կեցուածքի ու մօտեցումի այնպիսի եղանակ ու որակ, որ զօրաշարժի պիտի ենթարկէ հայութեան ամբողջական կարողականութիւնն ու գիտակցական հասունութիւնը` ազգասէրի մեր տիպարին տալով նորովի ըմբռնում եւ համայնացում:

Աւարտին, զգացականութեամբ յագեցած միտումներ ունենալով հանդերձ որոշակի ազդուութիւն, յառաջամարտիկի յանդուգն ու յախուռն  գործելակերպեր միայն պիտի ապահովեն հայութեան լինելութեան պայքարի յաջող ելքը, յայտնապէս բոլոր բնագաւառներուն մէջ` բայց անպայման համահայկական շունչով եւ տեսլականի վկայութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES