«Հզօր Սփիւռքը Երաշխիքն Է Հզօր Հայրենիքին» Նշանախօսքով. Ռատիոթոնին Առիթով Հարցազրոյց` Դոկտ. Ժան Սալմանեանի, Սագօ Արմէնեանի Եւ Գրիգոր Թերզեանի Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Աշխարհի ամէնէն դիւրին ու արագ միջոցառումը քանդելն է: Բամբասանքի մէկ արտայայտութիւն բաւարար է «քանդելու» անհատի մը տարիներու վրայ կերտած նկարագիրի վարկն ու համբաւը: Մոլեգին վայրկեանի մը մէջ արձակուող փամփուշտի զարկ մը բաւարար է ֆիզիքապէս «քանդելու» թիրախը եւ անոր ընտանեկան պարագաներու ճակատագիրը: Իսկ այս օրերուն մեր շուրջը կատարուող կոյր ռմբակոծումի հրթիռ մը բաւարար է վերջ տալու, «քանդելու» մարդկային զոհերու կողքին տարիներու վրայ կերտուած հաստատութիւններ ու բնակարաններ, ազգային ու հոգեւոր կառոյցներ եւ աւելին` քանդելու թիրախին գոյատեւելու յոյսն ու կամքը: Թիրախներ, որոնցմէ հեռու չէ հայութիւնը` հայրենիքի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ թէ սփիւռքահայ որեւէ գաղութի մէջ: Լիբանանահայութիւնը իր մորթին վրայ ապրեցաւ այս անկոչ ու անբաղձալի հոգեվիճակը, բայց այսօր վերստին աշխուժ է: Նմանապէս եւ հայրենի Արցախը «քանդուեցաւ», բայց վերստին յարութիւն առաւ աւելի հզօր, ինքնիշխան ու պատուաբեր կեցուածքով: Այսօր, նոյն վիճակի մէջ կը տապլտկի սուրիահայութիւնը, որ սակայն անպայմանօրէն պիտի կարենայ վերստին ոտքի կանգնիլ ու շարունակել իր հայակերտումի վսեմ երթը: Եթէ «քանդում»-ին թիրախը երէկ Արցախն ու Լիբանանն էր, իսկ այսօր` Սուրիան, սակայն վերականգնումի «երկունք»-ը համահայկական էր: Այդպէս եղաւ Արցախի ու Լիբանանի արիւնալի դէպքերէն ետք, մանաւանդ հայրենիքի 7 դեկտեմբերի 1988-ի ահարկու երկրաշարժէն ետք, երբ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը փութաց լումայ առ լումայ հաւաքելով կեանք ու աւիշ ներարկել «քանդուող» հայօճախին` փորձելով վերականգնել զայն, ու յաջողեցաւ: Այսօր հայութիւնը, լիբանանահայութիւնը իր կարգին, ձեռք կ՛երկարէ ոտքի կանգնեցնելու ընկճուող սուրիահայութիւնը:
Տարեկան իր ընթացիկ դրամահաւաքի ծիրին մէջ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ձեռնարկած է միօրեայ ռատիոթոնի, որ այսօր` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին պիտի ձայնասփռուի «Վանայ ձայն»-էն: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ նշեալ մարմինի անդամներէն դոկտ. Ժան Սալմանեանի, Սագօ Արմէնեանի եւ Գրիգոր Թերզեանի հետ:
Ստորեւ, հարցազրոյցին հիմնական մասերը.
ՀԱՐՑՈՒՄ- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ձեռնարկած է միօրեայ ռատիոթոնի, կ՛ուզէ՞ք այս առիթով վերյիշեցնել մեր ընթերցողներուն այս հիմնադրամին կառոյցն ու առաքելութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ- «Հայաստան» հիմնադրամը կը գործէ քսան տարիէ ի վեր` հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այսօր անիկա կը գործէ սփիւռքահայ քսանհինգ գաղութներու մէջ` հիմնական նպատակ ունենալով օգնելու հայուն, ուր որ պէտք է` հայրենիքի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ թէ որեւէ այլ հայօճախի մէջ:
Հ.- Ձեր ռատիոթոնը կը կայանայ այսօր` 7 դեկտեմբերին, որ հայրենի երկրաշարժին 24-րդ տարելից-սգատօնն է: Ինչո՞ւ այս զուգադիպութիւնը:
Պ.- Այսօր հայութիւնը, համայն աշխարհի հայութիւնը, կը վերյիշէ երկրաշարժի տխուր պահերը եւ ստեղծուած արիւնաքամ վիճակը, որուն այսօր մատնուած է սուրիահայութիւնը: Անկախ միջոցէն` երկրաշարժի թէ ռմբակոծումի հետեւանքով, հետեւանքը նոյնն է` աւեր ու քանդում: Նոյն ցաւը ապրողները իրարու վիճակէն լաւ կը հասկնան: Մենք կը հաւատանք, որ հայութիւնը ինչպէս որ երկրաշարժի աղէտի ատեն փութաց իր ազգակիցներու օգնութեան, այսօր եւս նոյն հաւատքով ու ոգիով պիտի փութայ իր լուման տալու:
Հ.- Լիբանանի մէջ ո՞ր կեդրոնները նկատի առնուած են դրամահաւաքի համար:
Պ.– Պուրճ Համուտի մէջ` «Վանայ ձայն» 01/26757, 01/241199
«Համազգային» գրախանութ` «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01/241263, 01/241264
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 01/265359, 01/2537793
Պէյրութ` Հայկազեան համալսարան, 01/349230
Զալքա` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն, 04/710736, 04/710737
Տըպպայէ` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, 04/523043
Այնճար` «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, 08//620319
Ժմմէյզի` «Թէքէեան» մշակութային միութեան կեդրոն:
Հ. – Ցարդ գլխաւոր ի՞նչ իրագործումներ կատարած է «Հայաստան» հիմնադրամը:
Պ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը գործօն ներդրումով մասնակցած է «Հայաստան» հիմնադրամի ծրագիրներու իրագործման: Հայաստանի ու Արցախի տարածքին լիբանանահայութեան ջանքերով իրագործուած են.
– Երկրաշարժի աղէտի գօտիին մէջ բնակելի շէնքերու կառուցում
– Գորիս – Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցում
-Արարատեան մարզի Մարմարաշէն գիւղի նոր թաղամասի ջրամատակարարում
– Արցախի Մարտակերտ մարզի Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի նորոգութիւն եւ կահաւորում
– Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի ամբողջական նորոգութիւն
– Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքի «Զանգեզուր» սրտաբանական կեդրոնի կառուցում
– Շուշիի Մեծ Շէն գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցում
– Արցախի Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարարում
Հ.- Գլխաւորաբար որո՞նք մաս կը կազմեն այս մարմնին:
Պ.- Լիբանանի պարագային` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, երեք համայնքներն ու յարանուանութիւնները, ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչը եւ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
Հ.- Ձեր նպատակի իրագործման համար քարոզչական ի՛նչ միջոցներու կը դիմէք:
Պ.- Գրաւոր թէ բանաւոր մամուլով ելոյթ կ՛ունենանք: Օրինակ, տարեկան մէկէ աւելի առիթներով հարցազրոյց կ՛ունենանք թերթերու թէ ձայնասփիւռի կայաններու հետ: Ըստ առիթի կը հրատարակենք որմազդներ եւ թռուցիկներ, տարեկան մեր յատուկ անգլիատառ եւ հայատառ հրատարակութեան` «Ոսկեհատոր»-ի (Կոլտընպուք) կողքին, որ կը տպուի քսան հազար տպաքանակով, ինչ որ նկատառելի թիւ է հայ մամուլին մէջ:
Հ.- Այսօրուան ձեր ռատիոթոնը հիմնականին մէջ ի՞նչ նպատակով է:
Պ.- Բնականաբար` հայրենիքի եւ Արցախի հրատապ կարիքներուն համար: Բայց այս անգամ նկատի ունինք նաեւ Սուրիոյ մեր ազգակիցներու պարագան, հետեւաբար այսօրուան հասոյթէն կարեւոր բաժին մը պիտի յատկացնենք սուրիահայ գաղութի մեր ազգակիցներուն: Նմանապէս, ի մտի ունինք Լիբանանի մեր կրթական կառոյցները, յատկապէս որ սուրիահայ մեր եղբայրներու Լիբանան ժամանումով, զգալի թիւով սուրիահայ աշակերտներ աւելցած են մեր վարժարաններուն մէջ:
Հ.- Գաղտնիք մը չէ, որ այս օրերուն շրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը կ՛ապրի տնտեսական սուր տագնապի մէջ, որմէ զերծ չենք նաեւ լիբանանահայերս: Ինչպէ՞ս կ՛ակնկալէք, որ լիբանանահայութիւնը ընդառաջէ ռատիոթոնի կոչին:
Պ.- Այս առաջին անգամը չէ, որ մենք կը դիմենք մեր գաղութի ազգակիցներուն: Յաճախ դիմած ենք եւ միշտ ալ սրտբաց ու առատաձեռնօրէն ընդառաջած են մեզի: Աւելի կարեւորը սակայն գումարի քանակը չէ, այլ տալու ոգին, ազգակիցին օգնութեան փութալու պատրաստակամութիւնը: Մենք ասոր փաստը տեսանք անցեալին, յատկապէս` եղերական ու տարերային երկրաշարժի դէպքէն ետք: Այսօր ալ կը հաւատանք, որ մեր ազգակիցները դրական պիտի պատասխանեն մեզի, հոգ չէ թէ լումաներով: Հասոյթը, որքան որ ալ ըլլայ անիկա, խորհրդանշական վարակիչ եւ օրինակելի իմաստ ու պատգամ ունի, հիւանդը բուժող, կարիքաւորին հասնող, յուսահատը վերստին ոտքի կանգնեցնող, խթանող ու ներշնչող բալասան է…
Հ.- Այս ռատիոթոնը միայն հայերու՞ն ուղղուած է. ոչհայերու կամ օտար կազմակերպութիւններու դիմա՞ծ էք:
Պ.- Ոչ, բայց եթէ ոեւէ մէկը ուզէ մասնակցիլ, մենք ոչ մէկ արգելք ունինք:

