Շահէն Խաչատրեանին Այցելութիւնը «Ազդակ»
Երէկ առտու «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ տեսակցելու համար խմբագրատուն այցելեց հայրենի վաստակաւոր արուեստաբան, Ս. Էջմիածնի «Խրիմեան հայրիկ» թանգարանի տնօրէն Շահէն Խաչատրեան: Հիւրին կ՛ընկերանային «Կամար»-ի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան եւ Ռուպինա Ճիկերեան:
Օգտաշատ եւ տեղեկութիւններով յագեցած զրոյցը կը վերաբերէր հայրենի արուեստին, մշակոյթին, «Խրիմեան հայրիկ» թանգարանի կազմակերպական աշխատանքներուն եւ համախմբուած գեղանկարներուն:
Օգտուելով հայրենի հիւրին կարճատեւ այցելութենէն` «Ազդակ» ամփոփ հարցազրոյց մը ունեցաւ վաստակաւոր արուեստաբանին հետ:
CATEGORIES Գաղութային

