Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Հազիմ Պատրիարքի Վախճանման Առիթով
Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, անմիջապէս որ իմացաւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի վախճանման լուրը, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատելով Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աուտէ արքեպիսկոպոսին հետ, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ու նաեւ իր ճամբով` յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ ժողովուրդին:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը մօտէն ծանօթ եղած է Հազիմ պատրիարքին 1970-էն սկսեալ: Անոնք մօտէն գործակցած են միջեկեղեցական շարժումին մէջ, յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի շրջագիծին մէջ: Անկախ այս բոլորէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան միջեւ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն եղած է միշտ: Վեհափառ հայրապետը անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ Հազիմ պատրիարքի յուղարկաւորութեան, կիրակի օր:

