Մամլոյ Եւ Խմբագիրներու Սենտիքաներ. Լրագրող Եւ Խմբագիր Մանուէլ Գազանճեանի Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մամլոյ եւ խմբագիրներու սենտիքաներուն, երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող եւ խմբագիր Մանուէլ Գազանճեանին նուիրուած յիշատակի երեկոյ մը:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց լիբանանահայ յայտնի հաղորդավար Զաւէն Գույումճեան, որ նշեց, թէ Մանուէլ Գազանճեան անկախ մտածողութեան տէր լրագրող մըն էր, որ մշտապէս բարձր պահած էր Լիբանանի ու հայութեան խնդիրները եւ պահպանած` իրաւունքները: Գույումճեան հաստատեց, որ Գազանճեանի մահէն մէկ տարի անցած է, բայց լրագրողին դրոշմը մնացած է եւ պիտի շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Մամլոյ սենտիքային անունով խօսք առաւ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի, որ ըսաւ, թէ Մանուէլ Գազանճեան լիբանանցի լրագրող մըն էր, որ մեծապէս նպաստեց Լիբանանի մամուլին զարգացման: Պաալպեքի շեշտեց, որ լիբանանահայութեան նման Գազանճեան իր կարգին իր ետին ձգեց մեծ եւ արժէքաւոր ժառանգութիւն:
Ապա խօսք առաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն: Ան յայտնեց, որ Գազանճեանի անունը կապուեցաւ հայութեան հետ եւ իր նուիրեալ գործունէութեամբ լրագրութեան մարզին մէջ բերաւ իր որակաւոր մասնակցութիւնը: Աուն ըսաւ, որ Գազանճեան «Նոր կեանք»-ին ընդմէջէն եղաւ ազատ խօսքի արտայայտութեան ծառայասէր ներկայացուցիչը, որուն համար «Նոր կեանք»-ը դարձած էր իր կեանքին մէկ օղակը:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Նարէ Աղասարգիսեան, որ դաշնակով նուագեց Շոփենի «Նոքթիւրն թիւ 20» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Գազանճեանին գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը: Իր կարգին Իրմա Գապագեան-Տէտէեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» քերթուածը:
Հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նշեց, թէ Մանուէլ Գազանճեան եղած էր գործնապաշտ, սկզբունքային, սուր եւ դիպուկ խօսք ըսող, բայց միաժամանակ առանց վիրաւորանքի քննադատող, հարցերու ներկայացման ընթացքին ամփոփ բանաձեւումներու յանգող եւ խոր խնդիրներ շօշափող անձնաւորութիւն մը: «Նոր կեանք»-ի խմբագրականներէն մէջբերումներ եւ արժեւորումներ կատարելէ ետք, Գանտահարեան աւելցուց, որ դէպի տեղեկատուական բաց համակարգ անցում կատարող մեր մամուլը այսօր Մանուէլ Գազանճեանի յատկանիշները իւրացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուի:
Իր կարգին, լրագրող եւ խմբագիր Սարգիս Նաճարեան ըսաւ, որ Գազանճեան իր կենդանութեան շրջանին գնահատուած ըլլալու հոգեկան գոհունակութիւնը չապրեցաւ, հակառակ անոր որ ան երբեք չէր ակնկալած գնահատանքներ, այլ` գործած էր հաւատալով իր առաքելութեան եւ սկզբունքներուն: Նաճարեան նշեց, որ Գազանճեան հանդիսացաւ հայաստանեան մամուլին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սենիտիքաներուն միջեւ ամուր կամուրջ մը: Սարգիս Նաճարեան նաեւ հաստատեց, որ Գազանճեան եղած էր զտարիւն հայ, բարեսիրտ եւ ազնիւ մարդ:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան դաշնակով Նարէ Աղասարգիսեան եւ ջութակով Հրակ Տեմիրճեան (Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներ), որոնք միասնաբար նուագեցին Պաղտասարեանի «Նոքթիւրն»-ը:
Աւարտին, խօսք առաւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, որ յայտնեց, թէ մամուլը գոյն չունի, ոչ ալ կրօն, համայնք, տարածք: Ան աւելցուց, որ մամուլը իր սկզբունքներով եւ արժէքներով բոլոր ժամանակներուն մէջ մէկ է, եւ այս մեկնակէտէն դիտելով մեծ եղած է Մանուէլ Գազանճեանի դերը: Տաուք ըսաւ, որ Գազանճեան ազատ մամուլի հետեւող էր, որ բոլորին հետ հաղորդակցելու պատրաստակամութեան տէր անձ մըն էր, խօսքի ազատութեան հաւատացող էր եւ ընկերութիւնը յուզող հարցերը իր յատուկ ոճով քննարկող ու հանրային կարծիք ստեղծող արժէքաւոր լրագրող մը: Նախարար Տաուք ըսաւ, որ այսօր մեր մամուլը կարիքը ունի Գազանճեանի նման լրագրողներու:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:


