Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Տոքթ. Ռոտոլֆ Ֆրանժի Դասախօսեց Սրտանօթային Հիւանդութիւններուն Վերաբերող Նոր Դեղամիջոցներու Մասին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ բժշկագիտական դասախօսութիւն մը տուաւ սրտանօթային հիւանդութիւններու վիրաբուժ Ռոտոլֆ Ֆրանժի:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ ներկայացուց օրուան բանախօսը: Ան նաեւ ողջունեց Հալէպէն ժամանած սուրիահայ բժիշկ Վիգէն Երէցեանի ներկայութիւնը դասախօսական երեկոյին:
Ֆրանժի փաուըր փոյնթով բացատրութիւն տուաւ 2 խումբերու մասին` ARB եւ ACE, ինչպէս նաեւ նոր դեղամիջոցներու մասին, որոնք կը գործածուին գործողութենէն առաջ եւ ետք: Ան բացատրեց, որ այս դեղամիջոցներուն օգտագործումը նոր ասպարէզ մը բացաւ մանաւանդ սրտի անկանոն զարկերու եւ սրտի բաց գործողութիւններու ընթացքին: Ան նկատել տուաւ, որ ուսումնասիրութիւններէ ետք երեւան ելած է, որ «Ափօ Ռամիփրիլ» դեղը բաւական օգնած է անկանոն զարկերու ու վիրահատութեան ընթացքին եւ արգելք հանդիսացած է բարդութիւններու յառաջացման:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ գործողութենէն ետք կրնայ երակներու լայնացում պատահիլ, եւ այս դեղը արգելք կը հանդիսանայ այդ կացութեան: «Ափօ Ռամիփրիլ» դեղը նաեւ կ՛օգտագործուի արեան գերճնշումի, մանաւանդ երիկամային արեան գերճնշումի ժամանակ:


