Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը ցաւակցութիւն յայտնեց 2007-ին եւ 2011-ին Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդ Սալահ Ռապպահի` անոր մէկ տարեկան աղջկան Եասմինայի մահուան առիթով:
Այդ պատճառով էր, որ նախորդ շաբաթավերջին յետաձգուած էր Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը:
Այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Անոր սկիզբի ազդանշանը պիտի տրուի Թապարժայէն` դէպի Թրիփոլի, ապա վերադառնալով Թապարժա, որմէ ետք «Քազինօ Տիւ Լիպան» ժամանման գիծը (ընդամէնը 115 քմ):
Ընդառաջելով ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին` Ապտօ Նատերի առաջարկին, յունուար 2013-ի կիսուն տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր ժողով մը` կանոնագիրի որոշ կէտեր փոփոխութեան ենթարկելու համար:
Որոշուեցաւ իւրաքանչիւր տարի Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած մրցումը կատարել` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցած անձերուն մօտ այդ ուղղութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծուած է:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը որոշեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացնել իր խնդրանքը` հիւրընկալելու համար Արաբական հեծելարշաւի աղջկանց 11-րդ ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի` սեպտեմբեր 2013-ին:

