Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Աւարտականին Հայաստան Ունի Միայն Մէկ Ներկայացուցիչ

Երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցան աշխարհի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան կիսաւարտականի մրցումները:

Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներէն միայն մէկը` Նիքոլայ Յարութիւնով հասաւ աւարտական հանգրուան (81 քկ), 19-9 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ռուս մրցակից Իտրիս Շախմանովի:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչին` Նարեկ Մելքոնեանի (91 քկ եւ վեր), ան պարտուեցաւ անգլիացի Լուիս Ֆուրիէն:

Նշենք, որ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր` ներկայութեամբ AIBA կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Զինք-Քու Վունի:

Share this Article
CATEGORIES