Նախագահ Մուրսի Քաղաքական Բոլոր Կողմերը Հրաւիրեց Համապարփակ Երկխօսութեան

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ գիշեր ժողովուրդին յղեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ պէտք է բոլորս յարգենք ժողովուրդին կամքը, զոր զայրացած հաւաքներն ու բռնարարքները չեն արտայայտեր… երբեք պիտի չարտօնեմ, որ մէկը սպանութեան կամ խափանարարութեան ճամբով քաղաքացիները ահաբեկէ»:

Ան ըսաւ, որ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին զէնք օգտագործողներէն ոմանք վարձկաններ են եւ կապեր ունին քաղաքական ուժերու հետ` աւելցնելով, որ զանոնք ֆինանսաւորողները, ըլլան անոնք ներքին կամ արտասահմանէն, հաշուետուութեան պիտի կանչուին: Ան նշեց, որ «վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ սահմանադրական փաստաթուղթը յայտարարելուս պատճառները եւ պայմանները ի զօրու են… ժողովուրդին նկատմամբ իմ պարտաւորութիւնս զիս մղեց սահմանադրական փաստաթուղթը յայտարարելու եւ այդ պարտաւորութիւնը միշտ պիտի կատարեմ, ինչ ալ ըլլան ճնշումները»:

Նախագահ Մուրսի բոլոր կողմերը շաբաթ օր ժամը 12:30-ին հրաւիրեց նախագահական պալատին մէջ համապարփակ երկխօսութեան: «Եթէ հանրաքուէի ժամանակ ժողովուրդը սահմանադրութեան նախագիծը մերժէ, կոչ պիտի ուղղեմ սահմանադրութեան բանաձեւման նշանակովի կամ ընտրովի նոր մարմինի մը կազմութեան» ըսաւ նախագահ Մուրսի:

Եգիպտական բանակը երէկ առաւօտեան Գահիրէի մէջ նախագահական պալատին շուրջ հրասայլեր, զրահապատ մեքենաներ տեղակայեց եւ փշաթելերով եւ պողպատեայ արգելքներով փակեց նախագահական պալատ տանող ճամբան: Նախագահական պահակագունդի հրամանատարը յայտնեց, որ ուժերը տեղակայուած են նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրներն ու ընդդիմադիրները իրարմէ անջատելու համար:

Բանակի տեղակայման որոշումը տրուած էր նախագահին եւ բանակի հրամանատարութեան միջեւ հանդիպումի մը ընթացքին: Ժողովի ընթացքին ժամը 15:00-ը ճշդուած էր իբրեւ ցուցարարները շրջանէն հեռացնելու ժամկէտ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ բոլոր ցոյցերը արգիլուած էին:

Սակայն նախագահական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Զաքի յայտնեց, որ ապահովական ուժերը «ցուցարարները ճնշելու գործիք մը պիտի չըլլան»` աւելցնելով, որ «եգիպտացիներուն դէմ ուժ պիտի չկիրարկուի»:

Իսլամ եղբայրներու համակիրները ժամը 15:00-ին ճշդուած ժամկէտէն առաջ իսկ հեռացան շրջանէն, սակայն ընդդիմադիր տասնեակ մը ցուցարարներ շրջանին մէջ մնացին: Ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակէ, եւ երեկոյեան ընդդիմադիր հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ցուցարարներ սկսան դէպի Իթթիհատիյա նախագահական պալատի շրջան եւ Թահրիր հրապարակ ուղղուիլ:

Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրները կոչ ուղղեցին միասնականութեան` ընդդէմ իսլամ ժողովուրդի թշնամիներուն: Շարժումի բանբեր Մահմուտ Ղազլան յայտնեց, որ տագնապի լուծումը ժողովուրդի կամքին ականջ տալով` սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէին մասնակցիլն ու յարգելն է ժողովուրդին կամքը, անիկա սահմանադրութեան «ոչ» ըսէ, թէ «այո»: «Հարցը սահմանադրութիւնը չէ, այլ ատիկա պատրուակ է, որուն միջոցով զայն մերժողները կը ջանան իշխանութեան տիրանալ», շեշտեց Ղազլան:

Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր պետ Մոհամետ Պատիհ եգիպտացի ժողովուրդին կոչ ուղղեց «օրինական կամքը յարգելու, երկխօսութեան կառչելու եւ անոր բարոյական օրէնքներուն համեմատ վարուելու»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց հասարակական շահը սեփական շահերէն վեր դասելու, ժողովուրդին կամքին ականջ տալու եւ յարգելու, ինչպէս նաեւ միասնականութեան կառչելու եւ պառակտումէն ու մասնատումէն հեռու մնալու: Ան զգուշացուց ժողովուրդի կամքին հակառակ «լողալ փորձող» կողմերը, երբ «Արաբական գարնան» յեղափոխութիւնները այդ կամքը ժողովուրդին գերագոյն խօսքին վերածած են:

Իսլամ եղբայրները նաեւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ ձերբակալուած է զինեալ խմբաւորում մը, որ կը փորձէր նախագահական պալատը գրաւել:

Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ եւ նախագահ Մուրսիի խորհրդական Ռաֆիք Հապիպ երէկ հրաժարեցաւ այդ 2 պաշտօններէն,` իբրեւ բողոք նախագահական պալատին առջեւ տեղի ունեցած բախումներուն: Այսպիսով, իրենց պաշտօնէն հրաժարած Մուրսիի խորհրդականներուն թիւը բարձրացաւ 8-ի:

Միւս կողմէ, եգիպտական ապահովական ուժերը արցունքաբեր կազեր օգտագործելէ ետք յաջողեցան Զաքզաքիէ շրջանին մէջ գտնուող Մուրսիի բնակարանէն դուրս բերել անոր ընտանիքը, որ պաշարուած էր հարիւրաւոր ընդդիմադիր ցուցարարներու կողմէ: Հետագային Մուրսիի բնակարանին առջեւ անոր համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ բախում մը տեղի ունեցաւ:

Նշենք, որ Եգիպտոսի նախագահական պալատին առջեւ ընդդիմադիրներուն եւ Մուրսիի համակիրներուն միջեւ բախումներուն պատճառով զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 6-ի, իսկ վիրաւորներունը` 450-ի:

Աւելի ուշ Իսլամ եղբայրները չեղեալ յայտարարեցին այսօր Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ եւ Ասիութի մէջ նախատեսուած «Առ ի զօրակցութիւն իսլամական օրէնքի» նշանաբանին տակ տեղի ունենալիք հանրահաւաքները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES