«Սուրիական Իշխանութիւններու Կողմէ Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Հաւանականութեան Նկատմամբ Մտահոգ Ենք» Ըսաւ Քի Մուն
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները կրնան ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործել:
Ան Պաղտատի մէջ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին սուրիական վարչակարգը զգուշացուց այդ քայլին դիմելէ` յայտնելով, որ այդ պարագային անիկա դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուի: «Ինչ պարագայի անիկա մէջ ալ ըլլայ, եթէ քիմիական զէնքերը օգտագործուին, ապա զանոնք օգտագործողները դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուին», ընդգծեց Քի Մուն:
Ան չորեքշաբթի օր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նամակ մը յղելով յայտնած էր, որ քիմիական զէնքեր օգտագործելը «պիտի ըլլայ բացայայտ ոճիր մը, որ քանդիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ»: Քի Մունի նամակը երեքշաբթի օր յանձնուած է սուրիական իշխանութիւններուն: Ան ամիսներ առաջ եւս նոյն բովանդակութեամբ նամակ մը յղած էր:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական վարչակարգը օդուժի կողմէ արձակուելիք հրթիռները օժտած է ջիղերուն ազդող մահաբեր կազով:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ սուրիական բանակը այդ հրթիռներով ընդդիմադիրներու կեդրոնները հարուածելու համար նախագահ Ասատի վերջնական հրամանին կը սպասէ:
Մինչ այդ, Գերմանիոյ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ եւ զինուորներ Թուրքիա ուղարկելուն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ «սուրիական իշխանութիւնները պիտի չդիմեն այդ քայլին, եւ չենք կրնար քիմիական զէնքերը քաղաքայիններուն դէմ օգտագործել, նոյնիսկ եթէ Սուրիա այդ զէնքերը ունի»:
«Տարբեր առիթներով եւ ժամանակներու ըսինք, որ նոյնիսկ եթէ Սուրիա քիմիական զէնքեր ունի, ապա չենք կրնար զայն մեր ժողովուրդին դէմ օգտագործել»` աւելցնելով, որ «ըսի, եթէ Սուրիա քիմիական զէնքեր ունի, եւ չըսի, թէ զանոնք ունինք»:
«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով «Տը Թայմզ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Այզնհաուր» օդանաւակիրը, որուն վրայ տեղակայուած են կործանիչներ, ռմբաձիգներ եւ 8 հազար զինուորներ, հակառակ արեւելեան Միջերկրականը հարուածող ուժեղ փոթորիկին, մօտեցած է Սուրիոյ ափերուն` աւելցնելով, որ ատիկա կրնայ ցուցանիշը ըլլալ այն բանին, որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Սուրիա ներխուժել:
Նշենք, որ չորեքշաբթի օր ռուսական ցամաքահանումի երկու նաւեր մուտք գործած էին Թարթուսի նաւահանգիստ:
Երէկ ականի մը պայթումը ցնցեց Դամասկոսի մէջ Կարմիր մահիկի կեդրոնատեղին: Դամասկոսի Ղութա Շարքիա շրջանին մէջ կառավարական ուժերու եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Բանակը դադրեցուց շրջանին մէջ օդուժի օգտագործումը:

