Ազրպէյճանի Եւ Հունգարիոյ Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

Ազրպէյճանական Trend.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու պիտի ժամանէ հունգարական պատուիրակութիւն մը` Հունգարիոյ վարչապետի գրասենեակի քարտուղար եւ ազրպէյճանահունգարական միջպետական տնտեսական յանձնախումբի համանախագահ Փիթըր Սիարթոյի գլխաւորութեամբ:

Ատոր մասին կը նշուի Հունգարիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ Ազրպէյճան պիտի այցելեն Հունգարիոյ տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու, ներառեալ` դրամատնային եւ զբօսաշրջական ոլորտներու ներկայացուցիչներ: Պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի նաեւ Պաքուի մէջ «Հունգարիոյ տան» բացման արարողութեան:

2012-ին երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը կազմած է 13,397 միլիոն տոլար:

Share this Article
CATEGORIES