Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Բախումները Շարունակուեցան

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ առաւօտեան տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, սակայն օրուան ընթացքին զինեալ բախումները հետզհետէ սաստկացան, յատկապէս Սուրիա փողոցին վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ փողոցն է երկու շրջանները իրարմէ բաժնողը:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները երէկ պաճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց պատճառով զոհերուն թիւը բարձրացաւ 11-ի:

Նոյն շրջաններուն մէջ նաեւ արձակազինութիւնը շարունակուեցաւ յատկապէս Մալլուլէի մօտակայ շրջաններուն, Զահիրէ, Պաքքար եւ Քատիշա շրջաններուն մէջ:

Լիբանանեան բանակը շարունակեց իր խիստ հսկողութիւնը եւ անցարգել զետեղեց այդ շրջաններուն մուտքին ու խուզարկեց այդ շրջանները մուտք գործող բոլոր ինքնաշարժները:

Միւս կողմէ, բանակը նաեւ շրջուն ջոկատներով հսկեց Պապ Թըպպանէն եւ Ժապալ Մըհսենը, ինչպէս նաեւ հակադարձեց բոլոր կրակոցներուն:

Կէսօրէ ետք բանակը յաւելեալ թիւերով տեղակայուեցաւ Սուրիա փողոցին մէջ` փորձելով իր հակակշիռին տակ առնել կացութիւնը եւ վերջ տալ զինեալ բախումներուն ու արձակազինութեան:

Share this Article
CATEGORIES