Շարպել. «Միւֆթի Շաարին Դէմ Մահուան Սպառնալիքները Լուրջ Են»

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարի դէմ ուղղուած մահուան սպառնալիքները բաւական լուրջ են` աւելցնելով, որ շէյխ Շաարի դէմ սպառնացող վտանգը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը գտնուի:

Շարպել հաստատեց, որ շէյխ Շաարի վերադարձին պարագային ապահովական խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին` երաշխաւորելու համար անոր անվտանգութիւնը:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական խախտումներուն եւ արիւնալի բախումներուն` Շարպել շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովութիւնը կարելի պիտի ըլլայ վերահաստատել ապահովութեան, բարգաւաճման եւ հաշտութեան գործադրութեան ընդմէջէն:

Share this Article
CATEGORIES