Մանճեան Պարգեւատրուեցաւ «Պատուոյ» Շքանշանով
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Բանակի վեթերաններու արաբական համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի վեթերաններու լիկայի նախագահ, բանակի նախկին հրամանատար զօր. Իպրահիմ Թաննուսի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ զօր. Թաննուս, որ շեշտեց, թէ Բանակի վեթերաններու արաբական համադաշնակցութիւնը Քաթարի մէջ կայացուցած իր ընդհանուր ժողովին եւ քննարկելէ ետք զօր. Մանճեանի ջանքերն ու ճիգերը` բանակի ներկայ զինուորներուն եւ հանգստեան կոչուած զինուորներուն շահերուն ի խնդիր, որոշած է զինք պարգեւատրել «Պատուոյ» շքանշանով:
Զօր. Թաննուս նախարար Մանճեանին յանձնեց Բանակի վեթերաններու արաբական համադաշնակցութեան մետալը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի վեթերաններու լիկային վահանը:
Պարգեւատրումի աւարտին նախարար Մանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թաննուսի, Բանակի վեթերաններու արաբական համադաշնակցութեան, Լիբանանեան բանակի վեթերաններու լիկային, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ բոլոր անոնց, որոնք լաւ գործակցութիւն կը ցուցաբերեն բոլոր բանակայիններուն շահերուն ծառայելու նպատակով:
Նախարար Մանճեան շեշտեց, որ ինք ներկայ զինուորին ու հանգստեան կոչուած զինուորին միջեւ խտրութիւն չի դներ եւ ճիգ չի խնայեր օժանդակելու բոլորին ու ապահովելու բոլորին շահերը:


