Վարչապետ Միքաթի Աւարտեց Իտալիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ աւարտեց Իտալիա կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլիօ Թերցիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Թերցի ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը, որ կը ցուցաբերուի շրջանային զարգացումներուն, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ:
Վարչապետ Միքաթի եւ Թերցի քննարկեցին տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ փոխադարձ ներդրումները բարելաւելու հեռանկարները:
Թերցի գնահատեց Լիբանանի կառավարութեան քաղաքական կեցուածքը, մասնաւորաբար Սուրիոյ աղէտին գծով, որ իսկական աղէտ մըն է նաեւ միջազգային ընտանիքին համար: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Կազայի իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի կողմէ այդ հարցին նկատմամբ չէզոք կեցուածքը:
Թերցի ընդգծեց Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Հռոմի մէջ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ընդգծեց միջարաբական մերձեցումին անհրաժեշտութիւնը: Միքաթի պահանջեց նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնել շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումին առումով:


