Օքապ Սաքըր Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Կը Լուսաբանէ Իրեն Վերագրուող Արձանագրութիւններուն Մասին
Նախ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Օքապ Սաքըր Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու առումով իրեն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն պատասխանեց մամլոյ ասուլիսով մը, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սաքըր շեշտեց, որ այն արձանագրութիւնները, որոնք տրամադրուած են «Ախպար» օրաթերթին կողմէ, ամբողջական չեն, այլ` մասնակի:
Սաքըր յայտնեց, որ իրեն վերագրուող արձանագրութիւնները, որոնք սփռուած էին, խօսակցութեան մասին բացատրութիւններ չէին ներառեր, իսկ ձայնը գրեթէ անհասկնալի էր:
Սաքըր յայտնեց, որ հեռաձայնային այդ խօսակցութիւնը ինք ունեցած էր անձի մը հետ, որ զէնք եւ նիւթական գումարներ կը պահանջէր` իբրեւ նախապայման Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու:
Երեսփոխան Սաքըր աւելցուց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ինք յայտնած է նաեւ, որ ինք կարողութիւն չունի նման գումարներ ապահովելու եւ զէնք ու զինամթերք հայթայթելու անոնց:
Սաքըր շեշտեց, որ իսկական արձանագրութիւնները պիտի փաստեն այդ արձանագրութիւնները գողցող եւ մասնակի ձեւով սփռող կողմերուն անմտութիւնը:
Սաքըր հաստատեց, որ այս արձանագրութիւններուն թղթածրարը գայթակղութեան գագաթնակէտը կը նկատուի եւ պատմական, քաղաքական, տեղեկատուական եւ բարոյական մեծագոյն գայթակղութիւնը պիտի նկատուի արաբական աշխարհին մէջ:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւններուն համար:
Հարիրի շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի, որպէսզի յեղափոխութեան յաղթանակը արձանագրուի: Ան հաստատեց, որ սուրիական յեղափոխութեան նեցուկ կանգնելու քայլը ազգային, բարոյական եւ արաբական պատասխանատուութիւն մըն է, որմէ անշեղ պէտք է մնայ իւրաքանչիւր պատուաւոր լիբանանցի քաղաքացի:

